ՀԲԸՄ –ՀԵԸ-ի Կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հրապարակային Քննարկում

Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2016, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքճիի հովանաւորութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն – Պատմութիւն եւ Մարդկային Իրաւունք խորագիրի տակ, հրապարակային քննարկում մը տեղի ունեցաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի, Ֆրանսուա Պասիլ սրահին մէջ:
Քննարկումին ներկայ գտնուեցան մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքչի, ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, մտաւորականներ, մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ, միութենականներ եւ պատկառելի թիւով ազատ ունկնդիրներ:
Գնահատելի սոյն միջոցառումին բացման խօսքը արտասանեց մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքչի (նշենք, թէ բոլոր խօսքերը փոխանցուեցան անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Իսկ ներկաները, ընկալուչներու օգնութեամբ, տեղւոյն վրայ թարգմանութեամբ հետեւեցան քննարկումներուն):
Մեծարգոյ նախարարը դիտել տուաւ,թէ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ցաւը արդարօրէն վառ կը պահէ իր յիշողութեան մէջ, որովհետեւ յանցագործը առ այսօր կը մնայ անպատիժ: «Թուրքիա մինչեւ օրս կը ժխտէ պատմական ճշմարտութիւնները եւ մեղմացուցիչ պատճառաբանութիւններ կը փնտռէ: Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար մեղմացուցիչ պարագաներ: Պատճառաբանութիւններ որոնելու փոխարէն, նախընտրելի պիտի ըլլար, որ Թուրքիա ստանձնէր իր յանցագործութեան պատասխանատուութիւնը: Հրեաներու դէմ, նացիներու յանցագործութիւններուն համար Գերմանիոյ ներողամտութիւնը, կրնայ լաւ օրինակ ծառայել Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարներուն: Լիբանան՝ 2000 թուականին, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններ, դատապարտած եւ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը». շեշտեց նախարար Արաքչի: Ան արժեւորեց համաշխարհային պատմութեան եւ մշակոյթի մէջ հայ ժողովուրդի դերակատարութիւնը, միաժամանակ իր համերաշխութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն դիտելով, նախարարը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց պատժել յանցագործը, եւ կրկնեց,թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համայն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է:
Հաղորդավար Սամիր Նատէր ներկայացուց օրուան առաջին բանախօսը՝ Ֆրանսայէն ժամանած, ծանօթ պատմաբան, Հենրի Լորանսը: Ֆրանսացի պատմաբանը վերլուծեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն խուսափելու պատճառները: Լորանս, ըսաւ թէ 18 եւ 19-րդ դարերուն, բազմաթիւ թագաւորութիւններ, իշխանատենչութեան եւ կամ այլ պատճառներէ դրդուած, կը կոտորէին թշնամի պետութիւններու բանակներ: Անոնք չէին գնահատեր իրենց վայրագութիւններուն տարողութիւնը եւ հակառակ այն իրողութեան, որ նախապէս ծրագրաւորած չէին այդ կոտորածները, պատմութիւնը զանոնք կը դատապարտէ իբրեւ յանցագործներ: «Այլ էր պարագան, երբ կանխամտածուած ոճիր գործէին, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը». ըսաւ Լորանս: Ան, համառօտակի ներկայացուց հայկական կոտորածներու նախօրէին հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները, հայ ժողովուրդի կենցաղային նուազագոյն իրաւունքներուն հանդէպ սուլթաններու հետեւողական բռնութիւնները: Լորանս նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը այնքան խօսուն եւ սպառիչ են պատմութեան հետեւող պատմաբաններուն համար, որ ժխտումի պատճառաբանութիւնները ծիծաղելի կը թուին ըլլալ, նոյնիսկ Թուրքիայէն դուրս ապրող թուրք մտաւորականութեան: Լորանս ընդգծեց, թէ ֆրանսացի ժողովուրդին եւ պատմաբաններուն համար միանգամայն յստակ է ցեղասպանութեան փաստը: « Բոլորովին անիմաստ են Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատելու նպատակով պատմաբաններու յանձնախումբ կազմելու Թուրքիոյ առարկութիւնները». շեշտեց Լորանս:
Իր խօսքի աւարտին, Լորանս նշեց, թէ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ տակաւին չէր ստեղծուած ցեղասպաութիւն եզրը, արեւմտեան պետութիւնները ամենածանր բառերով դատապարտած են հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած վայրագութիւնները: Այդ սահմանումները հոմանիշ կրնան ծառայել Ցեղասպանութեան: Լորանս ըսաւ, թէ պատմութիւնը չի ճանչնար տարբերակներ. Ֆրանսական, հայկական կամ՝ թրքական տարբերակ: Պատմութիւնը ունի յստակ լեզու եւ գնահատական՝ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուածը, կազմակերպուած ցեղասպանութիւն էր:
Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ խաղաղութիւն եւ իրաւանց ծրագիրներու տնօրէն, Գոլոմպիա համալսարանի մարդկային իրաւանց բաժնի դասախօս, աշխարհաքաղաքական գիրքերու եւ հարիւրաւոր յօդուածներու հեղինակ Տէյվիտ Ֆիլիփսը: Ամերիկացի դասախօսը կեդրոնացաւ հայ-թրքական փոխյարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճիգերուն մէջ իր դերակատարութեան: Ֆիլիփս նշեց թէ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը զինք լիազօրած է աշխատելու հայ-թրքական փոխյարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ: Ան անմիջապէս նկատած է երկու կողմերուն միջեւ տիրող հակասութիւնները, այսուհանդերձ, փորձած է ընդհանուր եզրեր գտնել կողմերուն միջեւ: Այդ աշխատանքներուն արգասիքը դարձած է Հայ-Թրքական Փոխյարաբերութիւններու Բնականոնացման Յանձնախումբը ( TARC): Ապա, ան խօսեցաւ սոյն յանձնախումբի հանդիպումներուն ընթացքին կողմերուն միջեւ յառաջացած վէճերուն, սառցահալ կատարելու համար դիմած քայլերուն, փոխադարձ վստահութիւն վերականգնելու ճիգերուն: Ֆիլիփս նկարագրեց Ժընեւի մէջ հայ-թրքական փրոթոքոլներու բանակցութեանց օրերուն, քուլիսներու ետին բանակցութիւնները եւ Թուրքիոյ վերագրեց փրոթոքոլներու գործադրութեան ձախողութիւնը: Խոստովանելով հանդերձ, որ հայ-թրքական բանակցութիւնները մատնուեցան ձախողութեան, ան մաղթեց,վերսկսած տեսնել բանակցութիւններու գործընթացը: Ֆիլիփս, դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ դատապարտեց Էրտողանի ամբողջատիրական նկրտումները:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ լիբանանահայ հանրածանօթ պատմաբան, գիրքերու հեղինակ, մտաւորական, կրթական մշակ դոկտ. Զաւէն Մըսըրլեանը: Յարգելի դոկտորը բացատրեց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը: Ան համառօտակի նկարագրեց նախաեղեռնեան ժամանակաշրջանը, ընդհուպ՝ 8 Փետրուար 1914-ը, ուր մեծ պետութիւններու ճնշման տակ, Սուլթանը խոստացաւ բարեկարգութիւններ իրականացնել հայկական նահանգներուն մէջ: Արեւմտեան Հայաստան պիտի ստանար մասնակի ինքնավարութիւն:
Ապա, ապացոյցներով վերահաստատեց, կոտորածներուն եւ տեղահանութիւններուն նախապէս ծրագրաւորուած ըլլալու խորքը: Դոկտ. Մըսըրլեան մերժեց Ցեղասպանութեան ժամանցելիութեան մասին վարկածները, մէջբերելով հատուածներ Ազգերու Լիկայի 1948-ի Ուխտէն: Լեմքին՝ ցեղասպանութիւն եզրը հիմնաւորելու նախատիպ ընդունած էր Հայոց դէմ կատարուած ոճիրները, որոնք 1915-ին, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա գնահատեցին իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր: Ան ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու թուրք մտաւորականութեան կեցուածքը: Դոկտ. Մըսըրլեան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը լիուլի կ’ամբողջացնէ Ցեղասպանութեան Ուխտին ենթապայմանները: Ան յիշատակեց Երիտթուրքերու ղեկավարութիւնը դատելու նպատակով ստեղծուած զինուորական ատեանը, որ ինքնին ապացոյց է ցեղասպանութեան:« Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործները պատժելով պիտի կանխուին այլ ցեղասպանութիւններ» ընդգծեց ան: Այս առիթով, դոկտ. Մըսըրլեան խիստ կարեւոր գնահատեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ ուղղուած Դաշնակիցներու վերոյիշեալ ազդարարագիրը, որ հետագային նախընթաց դարձած է Թոքիոյի եւ Նիւրենպերկի ուխտերուն եւ օգտագործուած ՄԱԿ-ի մօտ քննարկումներուն: Սակայն յատուկ նպատակներով գաղտնի պահուած է ՄԱԿ-ի արխիւներուն մէջ եւ շնորհիւ իր հետապնդումներուն բացայայտուած եւ դարձած է հանրութեան սեփականութիւնը:
Չորրորդ եւ վերջին զեկուցողը եղաւ Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութիւն կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի նախագահ Ռէյնա Սարգիս: Ան ,մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: « Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն մօտ հաւաքական յիշողութիւնը վառ պիտի մնայ մինչեւ ճանաչումը, հատուցումը». ըսաւ Ռէյնա Սարգիս, աւելցնելով, թէ յանցագործութեան ժխտումը, հոգեբանականօրէն հարցականի տակ կը դնէ զոհին գոյութիւնը: Ան նաեւ վկայութիւններ ընթերցեց, ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ հոգեբաններու փորձառութենէն: Ռէյնա Սարգիս զարմանք յայտնեց, որ թուրք պետականութիւնը տակաւին ոչ մէկ ճիգ կը բանեցնէ ըմբռնելու հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը:
Բանախօսներու ելոյթներէն ետք, բանախօսները պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն:
Քննարկումներու աւարտին,հաղորդավար դոկտ. Սամի Նատէր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր խօսք առնողներուն եւ մասնակիցներուն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ