Հայ Դատը ԱՄՆ-ին Կոչ Կ՝ուղղէ 15 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Հայաստանին Սուրիացի Փախստականներուն Օգնութեան Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/1118.jpg)
ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը ԱՄՆ կառավարութեան կոչ կ՝ուղղէ Հայաստանին 15 միլիոն տոլար տրամադրել սուրիացի փախստականներուն օգնութեան համար:
Հայ Դատի յանձնախումբի կոչը հնչած է Թուրքիոյ մէջ սուրիացի փախստականներուն օգնութեան հետ կապուած խարդախութիւնները բացայայտելէ ետք:
ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID), հաշուի առնելով Թուրքիոյ մէջ կաշառակերութեան փորձը, դադրեցուցած է փախստականներուն մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներուն մասնակցող 14 իրաւաբանական անձանց եւ անհատներու գործունէութիւնը:
«Հաշուի առնելով վերջին զարգացումները` Հայ Դատի յանձնախումբը կրկին կոչ կ՝ուղղէ 15 միլիոն տոլար օգնութիւն մատակարարել Հայաստանին` փախստականներու օգնութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս»,- ըսած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի գործադիր տնօրէն Բրայեան Արդունին: Ան ամերիկահայերուն կոչ ըրած է դիմել Քոնկրէսին եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնել կարիքաւորներուն օգնելու համար:
«USAID-ի հետաքննութիւնը յայտնաբերած է մատակարարներու առեւտրային ցանց, որոնք կեղծած են օգնութեան դիմումները, կաշառակերութեան ծրագիրներ կազմած Սուրիա մարդասիրական օգնութեան մատակարարումները ձեռք բերելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Պատերազմի եւ խաղաղութեան լուսաբանման ուսումնարանը (IWPR) յայտնած էր, որ Հայաստանը փախստականներու ընդելուզման եւ պետութեան կողմէ ջերմ ընդունելութեան բացառիկ օրինակ է: