Յաջողութիւն Քեզ, Իւեթա.Պելճիգահայերը Կը Սատարեն Իւեթա Մուկուչեանին

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` Պելճիգայի «Նուարդ» մշակութային միութեան երիտասարդական կառոյցի ղեկավար Շահնուր Մինասեան միութեան քաջալերանքի խօսքը կը յղէ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստան ներկայացնող Իւեթա Մուկուչեանին:
«Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս Սփիւռքի բոլոր համայնքները պիտի հետեւին «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին, ուր այս տարի Հայաստան պիտի ներկայացնէ Իւեթա Մուկուչեանը:
Պելճիգայի մէջ գործող «Նուարդ» հայկական մշակութային միութեան անունէն մեր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք երգչուհիին եւ յաջողութիւն կը մաղթենք:
Բոլոր հնարաւոր տարբերակներով պիտի աջակցինք անոր քուէարկութեան հարցին մէջ, որպէսզի միահամուռ ուժերով յաղթանակի հասնինք:
Վստահ ենք, որ սիրելի երգչուհին արժանավայել կը ներկայացնէ Հայաստանը եւ հպարտութեան պահեր կը պարգեւէ մեզի: Յուսանք` յաջորդ եւրոտեսիլեան երկիրը Հայաստանը կ’ըլլայ: Յաջողութիւն քեզ, Իւեթա:
Աւելցնենք, որ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլին մեր երգչուհին հանդէս պիտի գայ 07 համարի ներքոյ «LoveWave» երգով: Ծրագիրը պիտի ցուցադրուի Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերով` այսօր, ժամը 23:00-ին: