Լապինսկի Մէջ Նշեցին Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Տօնը

Ապրիլ  7 -ին Լապինսկի Հայկական մշակոյթի   կեդրոնին մէջ նշուեցաւ  Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը: Կեդրոնի 3-էն 17 տարեկան շուրջ 40 ասմունքողներ եւ պարի խմբակի սաներ երգով,  պարով,  բեմադրութեամբ  ու բանաստեղծութիւններով գովերգեցին կանանց ու մայրերուն: Հայրենիքի մէջ նշուող գեղեցիկ տօնը  ըսես առիթ էր Կեդրոնի սաներուն համար  իրենց յարգանքն ու սէրը արտայայտելու  բոլորիս կեանքին մէջ  ամենահարազատ  էակին ` մօր  հանդէպ: Շուրջ երկու շաբթուան  քրտնաջան աշխատանքի արդիւնք էր նաեւ ձեռնարկին  համար նախապատրաստած անհրաժեշտ ձեւաւորումը,   պաստառները,  գունաւոր թուղթերէ  կարուած  զգեստները:  Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Կեդրոնին մէջ գործող գեղարուեստական արուեստանոցի ղեկավար Կարինէ Յովհաննիսեանին  եւ անոր աշակերտներուն,     ծաղիկներու մասնագէտ տիկին   Ոսկեհատ Յարութիւնեանին,  ծնողներ Լիլիթ  եւ Լիաննա  Մանուկեաններուն  եւ  Սրբուհի Չօբանեանին :

Հիւրերու ուշադրութեան   ներկայացուած  էր նաեւ գեղատուեստական  արուեստանոցի երեխաներու   «Մայրս» թեմայով աշխատանքներու ցուցահանդէսը:

Ձեռնարկին աւարտին  համայնքի ղեկավարութիւնը  դահլիճին մէջ ներկայ գտնուող բոլոր կանանց շնորհաւորեց ծաղկեփունջերով եւ  բարեմաղթանքներով:

Լապինսկի հայկական համայնքն իր ամենօրեայ աշխատանքով կը ծառայէ հայապահպանման սուրբ գործին: Համայնքէն ներս նման ձեռնարկներ սովորաբար  կը հետապնդեն   կարեւոր նպատակ մը` Հայաստանէն դուրս բնակող մեր հայրենակիցներուն իրազեկել հայկական տօնացոյցի  մասին, եկող սերունդին փոխանցել   ազգային եւ եկեղեցական տօներու պատմութիւնը, խորհուրդը:  Սակայն այս անգամուան ձեռնարկին  առանձնակի արժէքը անոր հայերէն ըլլալն էր:   Ներկաներուն  համար   հաճելի անակնկալ էր,   երբ   ռուսախօս երեխաներու կատարմամբ    հայ դասական եւ ժամանակակից հեղինակներու`  մայրական սիրուն նուիրուած բանաստեղծութիւններու տողերը  կողք կողքի  շարուեցան հայերէնով: Բարի ժպիտով ու հիացմունքով կ’ընկալէին ներկաները  արտասանուած իւրաքանչիւր բառը, թէկուզ եւ` տեղ- տեղ սխալ շեշտադրութեամբ: Սա գուցէ  կոչ էր բոլորին` «Եկէ´ք խօսինք հայերէն,  թէկուզ եւ դժուարութեամբ», գուցէ պահանջ էր:  Ինչեւէ… այս հինգհազարանոց համայնքէն ներս այն պէտք է գտնէ իր արձագանքը:

Կիրակնօրեայ դպրոցը Լապինսկի մէջ կը  գործէ ընդամէնը 2,5 ամիս: Ի հարկէ, դեռ  կանուխ է ըսել, որ  բոլորը  սկսած  են  խօսիլ մայրենիով, սակայն շատերը արդէն կը հասկնան խօսակցականը,  հայերէն բառերն ու հնչիւնները այլեւս օտար չեն անոնց համար: Այսպիսի արդիւնքի նախապայմաններէն մէկը ուսուցման  ճիշդ ընտրուած  ծրագիրն է, որուն համար ես, որպէս Կեդրոնի տնօրէն եւ հայոց լեզուի ուսուչուհի,  կ’ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Քրասնոտարի երկրամասի  հայոց լեզուի ուսուցիչներու ղեկավար, «Հանրագիտակ Այբբենարան» ձեռնարկի հեղինակ  Կարինէ Եսայեանին: Առաջնորդուելով տիկին Կարինէի ծրագիրով`   կարճ ժամանակահատուածի մէջ ստացուած  արդիւնքը ակնյայտ է: «Հանրագիտակ Այբբենարանը» կը համապատասխանէ ռուսական միջավայրին մէջ  ապրող երեխաներու պահանջներուն, մատչելի է ցանկացած տարիքի համար: Ծրագիրը հետաքրքիր եւ դիւրին կը դարձնէ ուսուցումը: Յաջորդ տարի եւս արդիւնաւէտ աշխատանք ծաւալելու համար ցանկալի կ’ըլլար,   որ լոյս տեսնէր  այս դասագիրքի շարունակութիւնը 2 -րդ, 3 -րդ   եւ  4-րդ   ուսումնական տարիներու համար:

Մարինա Յովհաննիսեան, Լապինսկ, ՌԴ

Scroll Up