Պելճիգայի «Մեսրոպ Մաշտոց» Միութիւնը Կ’աջակցի 3 Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներուն

ՊԵլճիգայի Լիէժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը օգնութեան դրամահաւաք  կազմակերպած էր` աջակցելու Ատրպէյճանի կողմէ հրահրած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն: Այս մասին «Հայերն այսօրին» Պելճիգայէն կը տեղեկացնէ միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեան:

Համայնքին եւ միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ դրամահաւաքի կազմակերպիչ Գայեանէ Սարգսեանի գործուն մասնակցութեամբ Լիէժ, Պիլզէն եւ Տօնկերէն քաղաքներու հայ համայնքներէն հանգանակուած է  1200 եւրօ գումար, որուն արդիւնքով որոշուած է օգնութիւն տրամադրել 3 զոհուածներու` Արամ Աբրահամեանի (Արմաւիրի մարզի Արտիմեդ գիւղ), Ադամ Սահակեանի (ք. Երեւան) եւ Մանուէլ Գէորգեանի (ք. Երեւան) ընտանիքներուն` իւրաքանչիւրին 400 եւրօ:

Հաւաքուած գումարը յառաջիկային կը փոխանցուի վերոնշեալ ընտանիքներուն, որուն աշխատանքները Հայաստանի մէջ կը համակարգէ «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Զաքարեան:

«Անշուշտ, գովելի է նման նախաձեռնութիւններու իրականացումը, մանաւանդ Սփիւռքէն, քանի որ մեր հայրենակիցները, օտար ափերու վրայ գտնուելով հանդերձ, կարծես իրենց խղճին առջեւ հանգիստ կը զգան նմանօրինակ քայլերով»,-«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին նշեց Վարդուհի Զաքարեան:

Scroll Up