«Ես Կը Խոնարհիմ Ղարաբաղեան Առաջին Գոյամարտի Եւ Ներկայ Օրերու Բոլոր Հերոսներու մայրերուն Առջեւ». Քոմանտոս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/kOMANDOS.jpg)
Մեր թղթակիցի հարցազրոյցը` զօրավար, արցախեան ազատամարտի հերոս Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի հետ
– Պարոն զօրավա՛ր, կը մօտենայ Մայիսի 9-ը` պատմական երկու մեծ յաղթանակներու օրը: Մեծ հայրենականին ունեցած փայլուն յաղթանակին ծանրակշիռ դերակատարում ունեցան հայկական փառապանծհրամանատարներն ու հայ զօրավարները, հերոսաբար կռուած ու զոհուած զինուորները, իսկ Շուշին դարձաւ հայ ժողովուրդի, Արցախ աշխարհի գերագոյն յաղթանակի գագաթը, Շուշին դարձաւ ազերիներու պարտութեան խորհրդանիշը… ինչ կը կարծէ՞ք, եթէ նորօրեայ պատերազմը լայնածաւալ բնոյթ կրէ, կրկին կ’ունենանք այդպիսի փայլուն յաղթանա՞կ:
– Մենք պէտք է իրավիճակը իրական գնահատենք: Ղարաբաղեան գոյամարտի տարիներուն մենք շրջափակման մէջ էինք. ո՛չ կարգին զէնք ունէինք, ո՛չ ձեւաւորուած բանակ: Հայրենասէր կամաւոր ազատամարտիկներու կեանքի, մարտական ոգիի եւ քաջութեան շնորհիւ մենք ազատագրեցինք Շուշին: Փա՛ռք Աստուծոյ, այսօր մենք ունինք ուժեղ բանակ, մեր թշնամիէն գուցէ քիչ մը պակաս է մեր զէնքն ու զինամթերքը, սակայն աւելի լաւ կը տիրապետենք ռազմական տեխնիկային: Այսօրուան զինուորները մեր թոռնիկներն են, անոնք Շուշին ազատագրող եւ նախորդ պատերազմին յաղթանակած ազատամարտիկներու թոռնիկներն են, բարեկամները: Ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններու օրերուն այդ երիտասարդ տղաները աւելին ըրին, անոնք անցան իրենց պապիկներէն: Տարուան հերոսը դարձաւ հայ զինուորը: Մեր երկիրը, Արցախը փոքր է, սակայն մեր ժողովուրդի հայրենասիրական ոգին շատ բարձր է: Մենք օգնողներ ու դաշնակիցներ չունինք, սակայն ունինք դժուար պահերուն համախմբուելու մէկ բռունցք դառնալու շատ լաւ յատկանիշ: Ատրպէյճանցիներուն կ’օգնեն Իսրայէլը, Ուքրանիան, իսլամիստները, Փաքիսթանը, բայց ամէն ինչ կը ղեկավարուի Թուրքիոյ կողմէ: Մեր զինուորները վախ չունին: Թշնամին մէկ հիւանդութիւն ունի` гипнос страха, ես այդ թեմայով գիրք գրած եմ: Անոնք ռուսերէն առած են այդ վախը, մենք ալ ունէինք ատիկա Ղարաբաղեան գոյամարտի տարիներուն, բայց Շուշիի յաղթանակէն ետք ատիկա յաղթահարուեցաւ եւ անցաւ ատրպէյճանցիներուն: Ապրիլին ծաւալած պատերազմական գործողութիւնները ցոյց տուին, որ իրենք յատուկ պատրաստուած էին, աւելի լաւ զինատեսկաներ ունէին եւ կը կարծէին, թէ 2-3 օրուան մէջ յաղթանակ պիտի տանին. իրենք սկսան, իրենք ալ հրադադար խնդրեցին, եւ իրենք ալ կը խախտեն հրադադարը: Կարծես մենք կը սպասէինք, որ մեզի հարուածեն, որմէ յետոյ նոր մենք պատասխան տանք… Ժամանա՛կն էր, մենք պէտք է աւելի առաջ երթայինք, որ մեր ուժը հակառակորդը զգար: Ին՞չ է, կրկին պէտք է սպասենք, որ իրենք խփեն, մենք ալ այդ ժամանա՞կ պատասխան տանք… Հիմա մեր զինուած ուժերը աւելի լաւ կը պատրաստուին, կը շտկեն անցեալին թոյլ տուած սխալները: Եթէ ատրպէյճանցիները կրկին փորձեն յարձակիլ եւ անցնին լայնածաւալ գործողութիւններու, մենք կրկին կը յաղթենք: Ի հարկէ, կ’ունենանք մարդկային կորուստներ, ատիկա շատ ցաւալի է: Եթէ այս անգամ ալ յանկարծ փորձեն մեր վրայ յարձակիլ, ապա ատոնց պէտք է լրիւ կոտորել, ոչնչացնել այդ պետութիւնը:
– Որ՞ն էր արցախեան գոյամարտի առաջին պատերազմին տարած յաղթանակի բանալին:
– Ես ռազմական գիտելիքներ, ակադեմական կրթութիւն ստացած եմ. երբ ղարաբաղեան առաջին ազատամարտի տարիներուն գացած էի Հադրութ` սորվեցնելու, օգնելու կռուողներուն, տեսայ, որ անոնք, առանց ռազմական գիտելիքներ ստանալու ալ, լաւ գիտէին իրենց գործը: Երբեմն այնպիսի բաներ կ’ըսէին, առաջարկութիւններ կ’ընէին, որոշումներ կը կայացնէին, որ ես կը զարմանայի: Ազերիները Հադրութի շրջանին մէջ 24 գիւղ հայաթափած էին, մնացած էր 25-րդը: Սերժ Սարգսեան յանձնարարած էր, որ պաշտպանենք այդ գիւղն ու ժողովուրդը: Այնտեղ տեսայ Դեւը, որ կ’ըսէր, որ պէտք է յարձակինք, իսկ ես կը մտածէի, թէ այս ինչի՞ մասին կը խօսի այն պարագային, երբ հակառակորդի ուժերը համալրուած էին 50 հոգինոց յատուկ ջոկատայիններու խումբով, 200 ռուս զինուորներով, իսկ մենք սակաւաթիւ էինք. Էտիկ մը ունէինք` ընդամէնը «մակարով» տեսակի ատրճանակով մը… քանի մը հոգիով ի՞նչ պէտք է ընէինք, ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանուէինք… իսկ մեզի ըսուած էր, որ ոչ թէ պէտք է պաշտպանուինք, այլ` յարձակինք: Ես մէկ շաբաթ ժամանակ խնդրեցի` մտածելու եւ մարտական ճշգրիտ գործողութիւներու ծրագիր կազմելու համար: Բայց ժամանակ չկար, հաւաքուեցանք, ծրագիր կազմեցինք եւ ազատագրեցինք այդ գիւղը…Կու գայ պահ մը, որ դուն այդքան գիտելիքներ ունիս, կ’ուզես հաշուարկ ընել, բայց իր հողը պաշտպանող զինուորին ատիկա պէտք չէ. այդ ժամանակ ան կը մտածէ փրկել իր հողը, իր տունը իր հայրենակիցները… Այ, ատիկա՛ է Ձեր ըսած յաղթանակի, յաղթելու բանալին: Ես իմացայ, թէ ինչ է ղարաբաղցիի բանալին` ան կ’ուզէ պաշտպանել, ազատագրել իր հողը եւ կ’ընէ՛ ատիկա: Նոյնը կրնամ Շուշիի մասին ըսել. այդ ժամանակ հակառակորդը 2500 հոգիով կը պաշտպանէր ընդամէնը տարածք մը, իսկ մենք 6 հազար, 7 հազար հոգիով կը պաշտպանէինք ամբողջ Ղարաբաղի սահմանները: Բարձունքներու վրայ պէտք է 10 հազար զինուոր ունենայինք, բայց ուրկէ՞… Ղարաբաղցիները ըսին` ո՛չ, մենք չենք ընկրկիր, մենք պէտք է առաջ երթանք: Օրեր առաջ Արցախէն եկած էր հրամանատար Յակոբ Կարապետեանը եւ կը կրկնէր նոյն միտքը, որ Շուշիի ազատագրման օրերուն կ’ըսէին ազատամարտիկները` ես իմ հողէն մէկ թիզ ալ չեմ տար:
– Թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ մարտունակութեամբ եւ ունեցած ռազմական տեխնիկայով մենք պատրա՞ստ ենք դիմակայելու մինչեւ ատամները զինուած եւ իր թիկունքին եղբայր Թուրքիա ունեցող Ատրպէյճանին:
– Մէկ բան կայ, որ պէտք է լաւ հասկնանք` զէնքին ու զինամթերքին պէտք է տիրապետել այնտեղ, որտեղի տարածքը, աշխարհագրական դիրքը հնարաւորութիւն կու տայ: Ղարաբաղը ամբողջութեամբ սարերու ու ձորերու մէջ է, զէնքի տեսակ կայ, որն իր նպատակակէտին չի հասնիր հէնց վերը նշուած պատճառով: Պէտք է զէնքն ու զինամթերքը օգտագործել այնպիսի տեղ, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլայ: Տեսէ՛ք, ապրիլեան օրերուն մեր ջահել զինուորները 24 հրասայլ խփեցին, զինուորներէն մէկը հպարտ, հանգիստ կ’ըսէր, որ երկու հրասայլ ինքը խփեց, երկուքն ալ` եղբայրը: Ըսելիքս այն է, որ զէնքին ու զինամթերքին տիրապետելը քիչ է, պէտք է նաեւ դիրքը նպաստէ ատոր արդիւնաւէտութեան: Հակառակորդը, ըսենք, շատ հրասայլ ունի, ինչպէ՞ս պիտի գայ, ի՞նչ արդիւնքի պիտի հասնի սարերու ու ձորերու մէջ գտնուող Ղարաբաղի մէջ: Այս օրերուն Արցախէն պիտի գայ մասնագիտութեամբ ֆինանսիստ եւ բժիշկ ընկերներէն մէկը. ան Դրոն` անօդաչու սարք խփած է: Մենք մարտունակ ենք, այո՛, սակայն, ցաւօք, մեր հասարակութիւնը այնքան հանգիստ կ’ապրի, մեր հասարակութեան չեն սորվեցներ պաշտպանուիլ, չէ՞ որ միշտ ալ շրջապատուած եղած ենք թշնամիներով: Մենք ժողովուրդին չենք նախապատրաստեր պատերազմական վիճակին պաշտպանուելու միջոցներուն, մեր ժողովուրդի երկրորդ մասնագիտութիւնը պէտք է ըլլայ պաշտպանուիլ սորվիլը: Բոլորս պէտք է տիրապետենք ռազմական գիտելիքներուն եւ կանգնինք մեր բանակին կողքին: Ցաւօք, աւելի շատ մարդիկ զբաղուած են քննադատելով, չի՛ կարելի, պէտք է օգնեն, եթէ կրնան, եթէ ոչ` ապա գոնէ չխանգարեն: Մենք շատ լաւ կը խօսինք ուրիշներու մասին, սակայն պէտք է մտածենք, թէ մենք ինչ կ’ընենք մեր երկրին, մեր բանակին համար: Ըսենք` հիմա 7 հոգի զոհուին, անմիջապէս կը սկսին մեղաւորներ փնտրել, բայց մեղաւոր ենք բոլորս. ինչու՞ դասընթացներ չեն կազմակերպուիր, ռազմական նուազագոյն գիտելիքներ չեն տրուիր հասարակութեան… Պէտք է ժողովուրդին սորվեցնել պաշտպանուիլ անօդաչու սարքերէն: 2011-ին Ալքաիտան 22 էջնոց գիրք հրատարակած է` անօդաչու սարքերէն պաշտպանուելու համար: Այ, եթէ մենք ալ այդպէս ընենք, կ’ըսենք, որ ազգովի մարտունակ ենք: Թէ չէ` կը խօսին ու անընդհատ կը կրկնեն` յաղթանա՛կ, յաղթանակ, փայլուն ճառեր կ’ըսեն, շատ հակասական, իրարամերժ խօսքեր, ելոյթներ կը հնչեն…
– Այս օրերուն գրեթէ բոլոր կայքերուն մէջ լուրեր կը պտտին, որ քոմանտոսը հանդիպում մը ունեցած է պաշտօնաթող հրամանատարներու եւ ռազմական փորձագէտներու հետ, թէեւ պաշտօնապէս ատիկա չի յայտարարուիր. Ինչ բանի մասին է խօսքը՞, կը պատրաստուի՞նք…
– Այո՛, մենք կը հաւաքուինք ԽՍՀՄ-ի ժամանակ ստեղծուած ԴՕՍԱՖ հասարակական կազմակերպութեան ծիրէն ներս եւ կը նախապատրաստենք կամաւորները, մեր ժողովուրդը` հարկ եղած պարագային դիմակայելու պատերազմական գործողութիւնները. անոնք ձեռք կը բերեն ռազմական գիտելիքներ, այսինքն` կը մտածենք մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման մասին:
– Դուք լրատուամիջոցներուն տուած Ձեր պատասխաններուն մէջ կը հնչեցնէք այն միտքը, թէ` այդ հարցին թող պատասխանեն մասնագէտները. Դուք Ձեզի մասնագէտ չէ՞ք համարեր ռազմական գործին մէջ:
– Ես, ի հարկէ, անձս կը համարեմ մասնագէտ, որովհետեւ ստացած եմ ռազմական լուրջ կրթութիւն, ունիմ փորձառութիւն, ուղղակի ես վատ կը խօսիմ հայերէն, որովհետեւ ամբողջ գրականութիւնը եղած է եւ հիմա ալ ռուսերէն լեզուով է… Երբ ուրիշ լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին ըսած եմ` թո՛ղ մասնագէտները պատասխանեն, ատիկա ՊՆ-ին վերաբերող հարց էր, ա՛յդ եղած է նման արտայայտութիւն ընելուս պատճառը:
– Չէ՞ք կարծեր, որ այս օրերուն բամբասանքները վերջակէտելու լաւագոյն միջոցը եթերով Պաշտպանութեան նախարարի, ռազմական ճանչցուած փորձագէտներու, բարձրաստիճան զինուորականներու ելոյթները կրնան ըլլալ: Աւելի շատ ելոյթ կ’ունենան քաղաքագէտներ, քաղաքական մեկնաբաններ, պատմաբաններ, մինչդեռ ժողովուրդը որոշակի եւ լուրջ հիմնաւորուած կարծիքի, մեկնաբանութեան կարիք ունի:
– Կիսով չափ համաձայն եմ Ձեր ըսածին հետ. Պաշտպանութեան նախարարը աւելի շատ փակ խորհրդակցութիւններ կ’ընէ, ըսեմ նաեւ, որ ան չափազանց զբաղուած է: Ի հարկէ, նաեւ շատ ելոյթներ կ’ունենայ, հարցերու կը պատասխանէ: Համաձայն եմ Ձեր այն մտքին, որ ելոյթ ունեցող փորձագէտները պէտք է անպայման զինուորական ըլլան, այդ ոլորտի մասնագէտներ: Ցաւալի է. երբեմն այնպիսի բաներ կ’ըսեն, այնպիսի դատողութիւններ ու եզրահանգումներ կ’ընեն եւ ատիկա կը հրամցնեն ժողովուրդին… կը զարմանամ. ատոր պատճառը աւելորդ ինքնավստահութիւնն է, ինքնասիրահարուածութիւնը: Ի դէպ, ատիկա նաեւ տարածուած երեւոյթ է մեր կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Սակայն մեր ոլորտի, բանակի մասին դատողութիւններ ընելուն` մարդ պէտք է անպայման մասնագէտ ըլլայ, իրազեկուած եւ զգոյշ արտայայտուի: Ամէն քաղաքագէտ, պատմաբան, միջազգայնագէտ, դիւանագէտ, քաղաքական մեկնաբան կրնա՛յ իր կարծիքը ըսել, բայց ատիկա պէտք չէ պարտադրանքի նման հնչէ:
– Մարգարէ չէք, բնականաբար, սակայն անցած էք մարտական մեծ ճանապարհ, թրծուած էք պատերազմի մէջ, ունիք հարուստ կենսագրութիւն եւ ռազմական գիտելիքներու շտեմարան, փորձառութիւն եւ, ելլելով այդ ամէնէն, ինչպէս կը գնահատէք ներկայիսպատերազմական իրավիճակը՞. Կը հաստատուի արդեօք վերջնական ու կայուն խաղաղութիւ՞ն, թէ աւելի լայնածաւալ գործողութիւններ կը սկսի՞ն:
– Ես Ձեզի ըսեմ, որ իմ կարծիքովս Ալիեւին ալ ձեռնտու չէ պատերազմը. Ան շատ լաւ կ’ապրի, նաւթատոլարները կը դիզուին շարունակ, եւ աւելին` այն պետութիւնը, որ պատերազմ կ’ուզէ սկսիլ, անընդհատ չի խօսիր այդ մասին, չի ցուցադրեր, չըսէր, միանգամէն կը սկսի: Հակառակորդները շատ մտածուած են իրենց քայլերուն մէջ, եւ ատիկա հիմնուած է ռազմական գիտութեան վրայ, աւելի ճիշդ` խորամանկութեան վրայ: Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ մենք ալ կը պատրաստուինք, մե՛նք ալ ուժեղ ենք եւ նորագոյն զէնքերու ու զինամթերքի կը տիրապետենք:
– Պարո՛ն զօրավար, այս օրերուն շատերը գացին սահման. Դուք եղա՞ծ էք առաջագիծ, խորհուրդներ տուա՞ծ էք երիտասարդ զինուորներուն:
– Ի հարկէ, գացած եմ եւ հետս տարած եմ առաջնագիծ ծառայող տղաներու ծնողները, որպէսզի իրենց աչքերով տեսնեն զաւակները եւ, թէկուզ կարճ ժամանակով, ըլլան անոնց կողքին: Այս կռիւը ուրիշ է, առաջուանը չէ, նոր ժամանակները նոր պահանջներ ունին: Եթէ ղարաբաղեան գոյամարտի տարիներուն զէնք ու զինամթերք գրեթէ չկար, ապա հիմա կան նորագոյն արուեստագիտութիւններով ստեղծուած զինատեսակներ, որոնց մեր զինուորները շատ լաւ կը տիրապետեն: Անշուշտ, զրուցած եմ անոնց հետ եւ անհրաժեշտ խորհուրդներ տուած:
– Անհանգիստ է՛ք, պարոն զօրավա՛ր, անհանգիստ է ամբողջ հանրութիւնը. Ամէն տեղ կը խօսին պատերազմի ահագնանալու իրական վտանգի մասին, ընտանիքներ ու գերդաստաններ կը սգան իրենց երիտասարդ տղաներու, մեր զինուորներու կորուստը…անորոշութիւ՞ն, տագնա՞պ, իրական վտա՞նգ, սպառնալիք… ասոնցմէ՞ ո՞ր մէկը Ձեզի այժմ կ’անհանգստացնէ, խորհելու եւ վերլուծելու լուրջ, ծանր առիթ կու տայ…
– Ես անհանգիստ եմ, այո՛. Կ’անհանգստանամ առաջնագիծին գտնուող զինուորներուն, սպաներուն, բոլոր զինծառայողերուն համար: Մեր բանակին հոգեբաններու մեծ խումբ մը հարկաւոր է, որպէսզի երթայ առաջնագիծ, ուր անխուսափելի է ճնշուած վիճակը: Ես կ’անհանգստանամ եւ կը մտածեմ` ինչպէս օգտակար ըլլալ բանակին, զինուորներուն, մեր Պաշտպանութեան նախարարութեան, ես կ’անհանգստանամ աւելորդ խօսակցութիւններէն. ատիկա մեզի կը թուլացնէ: Մենք նաեւ լաւ չենք ճանչնար մեր ունեցած ներուժը. ըսենք` թէ դուն գնդապետ ես, կ’երթաս Արցախ, կ’ուզես պաշտպանել այդ գիւղը, եւ քեզի կ’ըսեն` դուն ոչ թէ պէտք է պաշտպանես, այլ պէտք է ազատագրես այդ գիւղն ու ժողովուրդը: Այդ հողին վրայ ապրող մարդը, այդ հողին համար կռուողը կ’ըսէ` մենք պէտք չէ պաշտպանուինք, մենք պէտք է յարձակինք, ազատագրենք. ժողովուրդէ՛ն պէտք է սորվիլ:
– Պարո՛ն զօրավար, այնուամենայինիւ, ի՞նչ կը կարծէք` պատերազմ կ’ըլլա՞յ…
– Չէ, չէ, չըլլար…
– ի՞նչ մաղթանք ունիք մեր ժողովուրդին` Շուշիի յաղթանակի օրուան` Մայիսի 9-ի հետ կապուած…
– Սիրուն բառերը պէտք չէ միայն խօսքի սահմաններու մէջ մնան. իմ մաղթանքիս փոխարէն ես կը խոնարհիմ արցախեան առաջին ազատամարտի եւ նոր օրերու զոհուած, վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն, մասնաւորապէս` անոնց ծնող մայրերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդպիսի զաւակներ դաստիարակելու համար: Շնորհակակութիւ՛ն նաեւ մեր ժողովուրդին: Ես կը ցանկամ, որ բոլորս մէկ մարդու պէս կանգնինք մեր բանակին կողքին, քիչ քննադատենք եւ օգնենք` ինչով կրնանք:
– Շնորհակալութիւ՛ն, Քոմանտոս: Յուսանք, որ Աւարայրով, Սարդարապատի հերոսամարտով, ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ Մեծ հայրենականին ` նաեւ մեր փոքր երկրի մեծ ներուժով տարած յաղթանակով եւ Շուշիի փառապանծ յաղթանակով պսակուած Մայիս ամիսը չի պատուիր ոչ մէկ սեւ ու մռայլ ամպով:
Կարինէ Աւագեան