Գերմանիոյ Մէջ, Ի Վերջոյ, Կայացած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Համերգը

Հակառակ Թուրքիոյ բոլոր խոչընդոտներուն` Ապրիլ 30-ին Տրեզտենի մէջ տեղի ունեցած է սիմֆոնիկ նուագախումբի կազմակերպած «Աղէտ» խորագիրով համերգը: Այն նուիրուած եղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «Demokrathaber.net» կայքի` համերգին մասնակցած են հայեր, թուրքեր ու գերմանացիներ: Անգարայի կողմէ համերգը խոչընդոտելու ջանքերուն դէմ իրենց բողոքը արտայայտող որոշ հանդիսատեսներ համերգին եկած են «Danke Dresden» (Շնորհակալութիւն Տրեզտեն) պաստառներով: Համերգային դահլիճի բակին մէջ Ապրիլ 24-ի նուիրուած ժամանակաւոր լուսանկարներու ցուցահանդէս բացուած է:
Յիշեցնենք, որ Տրեզտենի սիմֆոնիկ նուագախումբի` «Աղէտ» անուանումով համերգային նախագիծին Եւրոմիութեան կրթութեան եւ մշակոյթի հարցերով գործակալութիւնը 200.000 եւրոյի աջակցութիւն ցուցաբերած էր:
Գործակալութիւնը նաեւ համերգին մասին տեղեկութիւններ տեղադրած էր ԵՄ կայքին վրայ: Այս ամէնը յարուցած էր Թուրքիոյ դժգոհութիւնը, որմէ ետք սկսած էին բարձր մակարդակով ճնշումներ ԵՄ-ի վրայ:
Ճնշումներէն ու շանտաժներէն յետոյ ԵՄ կայքը հեռացուցած էր համերգին մասին տեղեկութիւնները կայքէն, սակայն ֆինանսական աջակցութիւնը չէր դադրեցուցած:
Նախապէս Տրեզտենի սիմֆոնիկ նուագախումբի հիմնադիր ղեկավար Մարքուս Ռինտթը յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան դեսպանը պահանջած է, որ ԵՄ-ն դադրեցնէ նախագիծին ցուցաբերուող աջակցութիւնը` այդ պահանջը բնորոշելով յարձակում խօսքի ազատութեան դէմ: