Մասթրիխթի Անի Հայ Համայնքը Նեցուկ Է Հայ Զինուորին

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Նիտերլանտական օրագիրը կը գրէ.

«Սփիւռքը համախմբուած, բռունցք  դարձած է, մէկտեղուած է մեր փոքրիկ հողակտորին մէջ, որ այսօրուան Հայաստանն է, բոլորիս  երազած հայրենիքէն կտոր մը, որ այսօր քոչուոր թուրքը իւրացնել կ’ուզէ:
Մեր թանկ հայրենի եզերներու մէջ, ուր թուրք ու ազերի հրոսակները  ապաստանած են, արեւելեան մասին մէջ` մէկ գիծի մէջ կ’ընդհատուի անոնց ներկայութիւնը եւ կը սկսի մերը: Մեզի, որ կառչած ենք Արցախի լեռներուն, եւ ամուր ենք մեր սարերու պէս, ոեւէ մէկը չի կրնար սասանիլ: Այսօր երկրագունդը փոքրացած է եւ հայու ոգին մէկտեղուած է Արցախի հետ, ուր մեր արծիւ զինուորները հայու ինքնութիւնը կը պաշտպանեն:
Սփիւռքը թէեւ սփռուած, այսօր մէկ տեղի վրայ է` Արցախի մէջ: Գիտենք, որ Հոլանտայի հայ կառոյցները իրենց օգնութիւնը կը կազմակերպեն: Առաջիններու մէջ են նաեւ Մասթրիխթի ԱՆԻ հայ համայնքը:
Սփիւռքը հայրենիքի հետ է` առանց որուն գոյութիւն ունենալ չի կրնար, Սփիւռքի իւրաքանչիւր անդամ զինուոր է եւ  հարկ եղած պարագային նաեւ ֆիզիքապէս պիտի կանգնի զինուորի կողքին: Թող ատիկա լաւ գիտակցի թշնամին:
Մենք բոլորս Արցախ ենք:
Կեցցէ’  Հայաստանը եւ անոր պահապան հայ զինուորը»:

 Անի1Անի2

Scroll Up