Քոսթա` Թեհլիրեանին Ի Պատիւ Ելոյթ Կ՛ունենայ Քոնկրեսին Մէջ

«Արմինիըն Ուիքլի».- Քոնկրեսի շէնքին մէջ, Ապրիլ 27ի երեկոյեան կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին ընթացքին խօսք առած քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա (Քալիֆորնիոյ 13րդ ընտրատարածք) յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թալէաթ փաշան Պերլինի մէջ ահաբեկած Սողոմոն Թեհլիրեանին։

Քոսթա ըսաւ, թէ իրեն համար պատիւ մը եղած է մասնակցիլ Ֆրեզնոյի հայութեան ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ քանի մը օր առաջ Ֆրեզնոյի «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ կայացած արարողութեան, որուն ընթացքին ինք ծաղկեփունջ մը զետեղած էր Թեհլիրեանի շիրիմ-յուշարձանին առջեւ։ Հոն արտասանած իր խօսքին մէջ ան շեշտած էր, թէ Թեհլիրեան «իսկակա՛ն հայ հերոս մըն է», որ որոշ արդարութիւն բերաւ անոնց, որոնք զոհ գացին բռնարարքներու։

Քոսթա նաեւ քննադատած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ իր պաշտօնավարութեան օրերուն մերժեց յստակօրէն հաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։

Ֆրեզնոյի միջոցառումին ներկայ եղած էր նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին մօտիկ գործակից մը հանդիսացող Քոսթան առաջին անգամ Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուած էր 2004ին։

Scroll Up