Հալէպի Ապահովական Վիճակը Կը Շարունակէ Մնալ Անկայուն
Գանձասարի փոխանցմամբ՝ «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներ, շարունակելով խախտել զինադադարը, հրթիռներով եւ դիպուկահարներու հարուածներով կրկին թիրախ դարձուցած են Հալէպի բնակելի թաղամասերը։
Հալէպի ոստիկանական գրասենեակին տուեալներով, այսօր Պոսթան ալ Քասըրի մէջ տեղակայուած զինեալներ հրթիռակոծած են Մերիտեան պողոտան, որուն հետեւանքով փուլ եկած է բնակելի շէնք մը, զոհուած են երկու, վիրաւորուած՝ 4 քաղաքացիներ։
Նոյն շրջանին մէջ տեղակայուած « Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման դիպուկահարը թիրախ ընտրած է Մաշարքա պողոտայի անցորդները, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուած է երկու քաղաքացի։
Երէկ, Հալէպի զանազան շրջաններուն մէջ ինկած հրթիռներուն եւ դիպուկահարներու հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է 10 քաղաքացի, որոնց մէջ մանուկ մը, վիրաւորուած՝ 37։
Սուրիական բանակը պատասխան հարուածներով ռմբակոծած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն որջերը՝ ոչնչացնելու անոնց օգտագործած ռազմական սարքերը։
Նշենք, որ օրերս Հալէպի վարժարանները կը սկսին ուսումնական տարուան երկրորդ կիսամեայի քննութիւնները։ Անապահով այս կացութեան մէջ, կրթական հաստատութիւններ կը ջանան երթեւեկութիւնը հնարաւորինս սահմանափակել՝ ուսումնական տարին անփորձանք աւարտին հասցնելու համար։