Խաչքարի օծում՝ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ապրիլ 22-ին Արժանթինի հայ համայնքը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպաանութեան Սուրբ նահատակներու յիշատակը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:
Վիսենթէ Լոփէսի քաղաքապետարանին կից սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ էին հազարաւոր արժանթինահայեր, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ: Յիշատակի ձեռնարկին ներկայ Վիսենթէ Լոփէսի քաղաքապետ Խորխէ Մաքրին մէկ անգամ եւս վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին` դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապրիլ ամսուան սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած քառօրեայ պատերազմը:
Ձեռնարկին ներկայ Արժանթինի նահանգային ծերակուտականներ եւ քաղաքաքան այլ գործիչներ նոյպէս դատապարտեցին եւ անթոյլատրելի համարեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող գործողութիւնները: Իր խօսքին մէջ Արժանթինի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց աջակցութեան համար`նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը եղած է եւ պիտի մնայ հայկական տարածք եւ աշարհասփիւռ հայութիւնը միասնաբար միշտ պիտի պայաքարի իր իրաւունքներու պահպանման համար:
Շարունակելով ձեռնարկներու շարքը` Ապրիլ 24-ին Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան օրուան առթիւ պատարագ մատուցեց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեան: Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին արժանթինահայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական վարժարաններու աշակերտներ, սկաուտներ, հարիւրաւոր հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան: Սուրբ Պատարագի աւարտէն յետոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ օծուեցաւ օրեր առաջ Փուշիճեան ընտանիքի նուիրատուութեամբ Հայաստանէն բերուած խաչքարը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Նահապետեան ընտանիքի նուիրատուութեամբ օծուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու պատկերը: Այնուհետեւ ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն համար եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած յուշարձանին մօտ կատարուեցաւ Բարեխօսական կարգ: