Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայկազեանի ուսանող Գառնի Քենտիրճեան, որ նշեց, թէ, հակառակ անոր որ 101 տարիներ անցած են Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ոճիրէն, սակայն հայութիւնը մինչեւ այսօր ոտքի կանգնած է եւ կը պահանջէ իր ոտնահարուած իրաւունքները: Ան շեշտեց, թէ նոր սերունդը պիտի չդադրի իր ձայնը բարձրացնելէ ու իրաւունքները պահանջելէ, մինչեւ մեր փառքն ու հպարտութիւնը հանդիսացող հողատարածքներուն վերատիրացումը, մինչեւ Արարատի, Մուշի ու Սասունի վերականգնումը:
Բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Հայկազեանի ուսանող Նժդեհ Պոտրումեան` «Տուն իմ հայրենի» երգով:
Ապա Գառնի Քենտիրճեան բեմ հրաւիրեց օրուան հիւր բանախօսը, Լիբանանի խոհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունին, որ նախ պատմական հակիրճ տեղեկութիւններով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն, որոնց արդիւնքն ենք մենք` սփիւռքահայերս:
Երեսփոխանը շեշտեց, որ դարերու ընթացքին թուրքին բարբարոսութիւններուն զոհ գացած է ո՛չ միայն հայութիւնը, այլ նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի ժողովուրդը` մանրամասնելով Լիբանանի ժողովուրդին կրած նեղութիւններն ու տառապանքները:
Յակոբ Բագրատունի նշեց նաեւ, թէ, հակառակ անոր որ մէկ դար անցած է Ցեղասպանութենէն, սակայն թուրքը տակաւին չէ դադրած իր ահաբեկչական արարքները գործելէ` քօղարկուած կազմակերպութիւններու ձեռքով:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: