Կոչ Սուրիահայութեան. Մեր սէրն ու զօրակցութիւնը գործնապէս յայտնենք Արցախին
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը, նախագահութեամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, այսու կը յայտարարէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին դէմ դարաւոր թշնամիին կողմէ շղթայազերծուած սադրանքներուն եւ պատերազմական գործողութիւններուն դէմ, անոր քաջարի ժողովուրդին հերոսական ծառացումին եւ գոյապայքարի բոլոր հանգրուաններուն ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութեան որպէս արտայայտութիւն, հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն եւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապին, համահայկական առաջնահերթութիւն կը նկատէ հայրենի հողին վրայ մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ զայն երաշխաւորող ազդու միջոցներու ապահովումը: Արդ, կոչ կ՛ուղղէ ընդհանրապէս Սուրիահայութեան եւ յատկապէս Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մասնակից դառնալու Արցախի օժանդակութեան նուիրահաւաքին:
Այս նուիրահաւաքի մասնակցութիւնը Սուրիահայութեան պարտաճանաչութեան եւ ազգային յանձնառութեան ցուցանիշը կը հանդիսանայ:
Ուրեմն, Մեր սէրն ու զօրակցութիւնը գործնապէս յայտնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան` Արցախին:
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Հալէպ, 22 Ապրիլ 2016