Խաղաղութեան եւ Զօրակցութեան աղօթք Դամասկոսի մէջ
Կիրակի, 3 Ապրիլ 2016-ին, Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սբ. եւ Անմահ Պատարագի տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, 1-2 Ապրիլ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Ատրպէյճանի նախայարձակ թշնամական գոծողութեանց զոհ գացած նահատակ զինուորներու եւ անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։
Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը օրուայ քարոզին մէջ հաւատացեալներուն խօսեցաւ Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցող իրավիճակի մասին եւ հրաւիրեց ներկաները աղօթելու նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի հզօրութեան, խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Ապա այս առընչութեամբ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յայտարարութիւնը:
Կիրակնօրեայ Սբ. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հ Հ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիար Արշակ Փոլատեանը: Սրբազան Հայրը Դեսպանին յայտնեց Դամասկահայ Ժողովուրդին եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը։
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս 3 Ապրիլ 2016