Թուրք Գործիչը Երեւանեան Ելոյթը Նուիրեց Հայ Գրող Զապէլ Եսայեանի Յիշատակին

Այսօր Երեւանի մէջ ընթացող «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովին ժամանակ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը եւ գիտնական Սայիթ Չեթինօղլի ելոյթը սկսելէ առաջ յայտարարեց, որ իր խօսքը կը նուիրէ Արեւմտեան Հայաստանի յայտնի կին գրող Զապէլ Եսայեանի յիշատակին, կը յայտնէ Panorama.am-ը: Նշենք, Զապէլ Եսայեան հայ այն գրողներէն էր, որ տեղահանման  ենթարկուած էր Օսմանեան Կայսրութեան կառավարիչներուն կողմէ, հեռացած հայրենիքէն: 1915-ին խուսափելով ձերբակալութենէն` կ’ապաստանի Թիֆլիսի մէջ, Եղեռնի մասին կը գրէ իր  յիշողութիւնները` «Ժողովրդի մը հոգեվարքը»…:

Չեթինօղլուն ելոյթ ունեցաւ ֆորումի առաջին նիստին , որ կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան:

Ելոյթին մէջ թուրք գործիչը համաժողովին ներկայ հիւրերուն տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան մասին թուրք քաղաքական գործիչի գիրքը գրաքննութեան  ենթարկած է:

Անոր ներկայացմամբ, Թուրքիոյ մտաւորականները, ցեղասպանութեան մասին գրողները շատ պատմած են, թէ ինչպէս ատիկա պատահած է, բայց «ցաւը զգացած են հայերը, հայերը  անցած են այդ ողբերգութեան միջով»:

«Թուրքիոյ մէջ հայ մը կայ, անունը Սեւան, 25 տարի բանտարկութեան տակ է` անօրէն շինարարութիւն կատարելու համար: Երկրին մէջ շինարարութեան մեծ մասը ապօրինի է, բայց Սեւան Նշանեանին 25 տարիով  ազատազրկած են: Անոր բանտարկած են` իսլամի ու թրքական իշխանութիւններու դէմ գիրքին համար: Սա անհամաչափութիւն է»,- յայտարարեց Չեթինօղլուն:

Թուրք գործիչին խօսքով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու, ճանչնալու հարցով հարկաւոր է, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն մէկը գիտակցի Ցեղասպանութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը եւ իրեն հարց տայ` ի՞նչ կ’ընէր պապս 1915-ին, ապա ներողութիւն խնդրէ` անով արտայայտելով զոհերու յիշատակին իր յարգանքի տուրքը:

«Պէտք է «Այլեւս երբեք» յուշարձան կառուցուի, ապա մեկնարկէ հատուցման աշխատանքը», -աւելցուց գործիչը:

Scroll Up