Ցեղասպանութիւններու Կանխարգելումը Պէտք Է Ըլլայ Ողջ Մարդկութեան Պատասխանատուութիւնը. Սերժ Սարգսեան

Հայաստանը պիտի ըլլայ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի առաջամարտիկներէն մէկը: «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ միջազգային համաժողովի բացման խօսքին մէջ ըսաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«2015 թուականը մի հանգրուան էր, երբ մենք վերաիմաստաւորել ենք մեր ժողովրդի գոյութեան իրաւունքի եւ պատմական արդարութեանն ուղղուած 100-ամեայ պայքարը: Մենք աշխարհին ուղղուած երախտագիտութեան եւ վերածննդի ուղերձներ ենք ուղարկել, ասել ենք, որ Հայաստանը լինելու է այդ յանցագործութեան դէմ պայքարի առաջամարտիկներից մէկը: Ցեղասպանութեան անթոյլատրելիութեան մասին պէտք է գիտակցում ապահովել` նման յանցագործութիւնից խուսափելու համար»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ՀՀ նախագահը:
ՀՀ նախագահին խօսքով` ներկայ աշխարհի տրամաբանութիւնը թոյլ կու տայ ըսելու, որ ոեւէ մէկը իրեն ապահովագրուած չի կրնար զգալ այն սարսափներէն, որ ապրած են հայերը 20-րդ դարուն, որ կ՛ապրին մարդիկ 21-րդ դարուն: «Ցեղասպանութիւնը պէտք է ընկալուի ողջ միջազգային հանրութեան ձախողման հետեւանք, իսկ դրա կանխարգելումը` ողջ մարդկութեան պատասխանատուութիւն»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան աւելցուց, որ մէկ տարի առաջ Ցեղասպոնւթեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին պատիւ ունեցած է ազդարարելու հասարական-քաղաքական այս համաժողովի աշխատանքներուն մեկնարկը` հաւատալով ատոր առաքելութեան ու յաջողութեան: «Իսկ այդ առաքելութիւնն էր վեր հանել ցեղասպանութիւնների կանխարգելման հիմնական խնդիրները, մշակել դրանց լուծման ուղիները, համախմբել մարդկութեան ներուժը, 21-րդ դարում մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնների նկատմամբ յաղթանակ տանելու նպատակով: Ես կարող եմ ասել, որ այն յաջողուեց: Այն յաջողութիւն գտաւ ոչ միայն մասնագէտների, այլ հազարաւոր մարդկանց շրջանակներում ոչ միայն Հայաստանում, այլ դրանից դուրս: Այն առիթ դարձաւ, որ մարդկութիւնը խօսի մեծագոյն չարիքի մասին: Դրանով էր պայմանաւորուած այս որոշումը` Երեւանը հարթակ դարձնել այն մարդկանց համար, ովքեր վճռական են իրենց լուման բերելու համակարդկային այս պայքարին»,- նշած է Սարգսեան:
Երեւանի մէջ մեկնարկեց «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովը: Անիկա հիմնականօրէն պիտի կենտրոնանայ ցեղասպանութիւն վերապրած կենդանի անձերու եւ փախստականներու խնդիրներուն վրայ: