Վկայականներու Յանձնում` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Արժանթինահայերուն

Ապրիլ 22-ին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Պուէնոս Այրէսի քաղաքային օրէնսդիր մարմինը, վկայականներ յանձնեց Արժանթին բնակող Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած մեր հայրենակիցներուն : Այս մասին  «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեան, Արժանթինի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմակարծութեան քարտուղար Գլաուտիօ Աւրուխը, Պուէնոս Այրէսի քաղաքային օրէնսդիր մարմնի փոխնախագահ Գարմէն Փոժետոն, Պուէնոս Այրէսի մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմակարծութեան առաջին փոխնախագահ Փամելա Մալեւիչը, Հայ կեդրոնի եւ Արժանթինի Հայոց թեմի ատենապետ Ալպերթօ Ճերեճեանը, համայնքային տարբեր հաստատութիւններու անդամներ եւ այլ հիւրեր:
Օրուայ բանախօսները իրենց խօսքին մէջ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի եւ արժաթինահայ համայնքի կարեւոր դերին ու նշանակութեան` կարեւոր համարեցին ձեռնարկի իրականացումը` նշելով, որ այն ինչ-որ կերպ կը սփոփէ Ցեղասպանութիւնը վերապրած բոլոր այն մարդոց, որոնք տասնեակ տարիներ առաջ խաղաղութիւն  գտած են Արժանթինի մէջ:
Ձեռնարկին աւարտին մասնաւոր վկայականներ տրուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած շուրջ քսան արժանթինահայերու:

3

Scroll Up