Լոս Անճելըսի Խանութներուն ՄԷջ Կը Վաճառուին Արդարութեան Հանրահաւաքի Շապիկները

Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Ապրիլ 24-ին ԱՄՆ Լոս Անճելըս քաղաքի Թուրքիոյ հիւպատոսութեան առջեւ տեղի պիտի ունենայ Արդարութեան հանրահաւաք:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Արդարութեան հանրահաւաքին համար նախատեսուած շապիկները` սեւ եւ մանուշակագոյն, կը վաճառուին նաեւ Լոս Անճելըսի խանութներուն մէջ: