Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իրազեկող Պաստառներ Գանատայի Փողոցներուն Մէջ

Ապրիլ 19-ին Թորոնթոյի Երիտասարդական միութեան անդամները Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պաստառներով երթեւեկութեան թէժ ժամուն քալած են Գանատայի փողոցներով: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ Գանատայի «Հորիզոն» պարբերականը:

Նպատակն է անցորդներուն իրազեկել ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այլեւ բարձրաձայնել Ապրիլ 24-ին Օթաուայի մէջ կայանալիք քայլերթին մասին:

Scroll Up