ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ Քայլարշաւ Եւ Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/Troshag2_42016.jpg)
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայոց ցեղասպանութեան 101¬ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբէն դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու դիմաց գտնուող կառատունը, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Պասմաճեան, որ անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, հայութեան ցուցաբերած հզօր կամքին եւ զօրակցութեան: Ան իր խօսքին մէջ քննադատեց օտարամոլութեան երեւոյթը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը քաջալերեն թրքականն ու իրենց արձակուրդները կ՛անցընեն թրքական «կարմիր ափեր»-ուն վրայ: Պասմաճեան շեշտեց, որ հայը կառչած պիտի մնայ իր Դատին եւ ամէն գնով պիտի պայքարի հասնելու իր տեսլականին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:
Բացման խօսքին յաջորդեց ջութակով նուագ մը` կատարողութեամբ Շնորհք Չերչեանի: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` թրքական արտադրութիւններ քաջալերելու դէմ:
Անկէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, որ իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով Արցախի նուիրուած ռատիոթոնին ընթացքին լիբանանահայ գաղութին ցուցաբերած հրաշալի ներդրումին, որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, անտեսելով երկրին տնտեսական անկայուն վիճակը, իր ունեցած-չունեցած լուման նուիրեց Արցախին: Ան կարեւոր նկատեց մանաւանդ ծերունիներու եւ ոչ հարուստ դասակարգին պատկանող երիտասարդութեան ներդրումը: Ան տուաւ յուզիչ օրինակներ, ինչպէս` երիտասարդի մը պարագան, որ իր գանձանակը ամբողջովին նուիրած է Արցախին: Կիտանեան արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն հայութեան կատարած զօրակցական բոլոր աշխատանքները եւ մանաւանդ ռատիոթոնին լիբանանահայութեան կեցուածքը նկատեց յաղթական արտայայտութիւններ: Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ հայութեան պատմութեան մէջ ընդհանրապէս ոչ փայլուն էջերը եղած են գերակշռող, սակայն անոնք, որոնք փորձած են բնաջնջել մեզ, մեծամասնութեամբ ձուլուած են, եւ անոնց անունները միայն կրնանք տեսնել պատմութեան գիրքերուն մէջ:
Օրուան բանախօսը անդրադարձաւ օտարամոլութեան ճամբան բռնող հայերուն, եւ քննադատեց այդ պարագան` ըսելով, որ ընդունելի չեն այդ երեւոյթները մեր առօրեային մէջ: Կիտանեան աւելցուց, որ մենք հայ մնալու պարտականութիւն ունինք եւ ամէն ճիգ թափելու հասնելու համար մեր գերագոյն երազին:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կրկին կը խօսէր թրքական արտադրութիւններուն մասին: Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Ալինա Քէօշկերեան, որ Գէորգ Էմինէն ասմունքեց «Խօսիր Հայաստան» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւեց մասնաճիւղին անդամներու պատրաստած կենդանի պատկերը, որ կը խօսէր ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հարցին մասին, եւ որ յստակօրէն ցոյց տուաւ ազրպէյճանական բարբարոս ռազմավարութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: