Ֆրեզնոյի Պետական Համալսարանը Ձեռնարկ Կ’իրականացնէ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշահամալիրին Մօտ

Ապրիլ 22-ին Ֆրեզնոյի պետական համալսարանի ընկերաբանութեան ամպիոնի վարիչ Մեթիու Ճենտեան խօսքով հանդէս կու գայ համալսարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին:
«Հայերն այսօր»ի փոխանցմամբ` ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրին մօտ: Ծրագիրը բաղկացած կ’ըլլայ ասմունքէ, երաժշտական կատարումներէ, յուշահամալիրին մօտ կ’իրականացուի նաեւ մոմավառութիւն: