Պան Քի Մունը Չի Գար Հայաստան

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունի` Ապրիլի վերջը Հարաւային Կովկասի երկիրներ նախատեսուած այցը չեղեալ  յայտարարուած է:

Այս մասին Մետիամաքսին յայտնած է ՄԱԿ-ի հանրային տեղեկատուութեան վարչութեան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Արմինէ Հալաճեան` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամլոյ խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիկէն ստացուած տեղեկութիւնը:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կը ծրագրէր Ապրիլ 25-ին առաջին անգամ այցելել Հայաստան: Տարածաշրջանային այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուէր նաեւ Պան Քի Մունի այցը Թիֆլիս եւ Պաքու:

«Սթեֆան Տիւժարիկի փոխանցմամբ, գլխաւոր քարտուղարը շատ կը ցանկար այցելել տարածաշրջան, սակայն հրատապ հարցերով պայմանաւորուած` այդ օրերուն պէտք է գտնուի այլ վայրի մէջ: Ուստի Հարաւային Կովկաս այցի ժամկէտները կը վերանայուին»,- Մետիամաքսին ըսած է Արմինէ Հալաճեան:

Scroll Up