Հայութիւնը պիտի մնայ միակա՛մ, հայոց բանակը պիտի մնայ անսասա՛ն, եւ մեր սահմանները պիտի մնան անառի՛կ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/logo_ARF_40316.jpg)
Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը համայն հայութիւնը դէմ յանդիման դրաւ համահայկական նոր մարտահրաւէրի մը, որուն յաղթահարումը կը պահանջէ հայութեան հաւաքական ուժերու մէկտեղում եւ ամբողջական ու գործնական մասնակցութիւն:
Ազրպէյճանը ամէն առիթ կ՛օգտագործէ գրաւելու Արցախը, եւ ապրիլեան լայնածիր յարձակումը կու գայ անգամ մը եւս ապացուցելու, որ թշնամին հեռու է բանակցային գործընթացներէն եւ կ՛ուզէ ռազմական միջոցներով փոխել աշխարհաքաղաքական իրավիճակը` բռնագրաւել հայապատկան հողերը: Սակայն շնորհիւ Արցախի սահմանին վրայ մարտնչող հայ զինուորներուն եւ նուիրեալներուն, անգամ մը եւս կարելի եղաւ կասեցնել թշնամիին սադրանքները եւ հատու պատասխան մը տալ Ազրպէյճանին, որ կը վայելէ ցեղասպան Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը:
Ուստի, այսօ՛ր Արցախը իւրաքանչիւր հայորդիի նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան կարիքը ունի: Լիբանանահայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր ալ իրաւունք չունի եւ չի կրնար անմասն մնալ համահայկական այս զօրաշարժէն: Այսօ՛ր եւս մենք ունինք մեծ պատասխանատուութիւն եւ ազգային գիտակցութեամբ վստահաբար պիտի բերենք մեր ամբողջական մասնակցութիւնը: Արցախի սահմանի անձնուրաց պահապաններուն զոհողութիւններուն դիմաց մեր նուազագոյն պարտականութիւնն է մեր լուման տրամադրել մեր հայրենիքին` Արցախին:
Միասնաբար եւ առանց վարանումի մասնակցի՛նք Արցախի օժանդակութեան համար կազմակերպուող դրամահաւաքին եւ մեր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ մեր ներդրումը բերենք Արցախի նահատակ զինուորներու ընտանիքներու կենսական կարիքներուն ապահովման, սահմանամերձ գիւղերու վերականգնման, անկախութեան պահպանման, վիրաւորներու բուժման եւ բանակի հզօրացման ճիգերուն: Այո՛, բոլորս միասին չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին մասնակցի՛նք ռատիոթոնին:
Հայութիւնը պիտի մնայ միակա՛մ, հայոց բանակը պիտի մնայ անսասա՛ն, եւ մեր սահմանները պիտի մնան անառի՛կ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ