Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի Կոչը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/logo.jpg)
Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Ապրիլ 1 եւ 2ին Արցախի բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ կատարուած յարձակումները եւ լայնածաւալ գործողութիւնները Արցախ-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքին:
Յունահայութեան անունով, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի ժողովուրդին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն, Հայոց Բանակին ու միաժամանակ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անարգ յարձակումներու ընթացքին զոհուած հայորդիներու եւ զինուորներու ընտանիքներուն:
Ատրպէյճանական իշխանութիւններու ձեռնարկած աննախադէպ ռազմական սադրիչ գործողութիւնները նպատակ ունին վարկաբեկելու հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կողմէ իրականացուած աշխատանքը, դուրս գալով բանակցութիւններէն եւ խնդիրը լուծելով ռազմական միջոցներով:
Յունահայութիւնը, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կոչին, Կիրակի 3 Ապրիլ 2016ի կէսօրին ժողովրդային հաւաքի ընթացքին, բազմահարիւր հայրենակիցներու մասնակցութեամբ, իր բողոքի եւ ընդվզումի ձայնը բարձրացուց Աթէնքի ատրպէյճանական դեսպանատան առջեւ եւ յուշագրով պահանջեց Ազերի պետութենէն վերջ տալ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն:
Կը պահանջենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբէն պարտադրել ատրպէյճանական կողմին դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ վերադառնալու Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման գործընթացի բանակցութիւններուն:
Կոչ կ’ուղղենք յունահայ համայնքի բոլոր կառոյցներուն եւ հայրենակիցներուն աչալուրջ հետեւելու եղելութիւններուն եւ միաժամանակ պատրաստ ըլլալու գործնական կերպով առաւել զօրավիգ կանգնելու Արցախի մարտնչող ժողովուրդին:
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ