Սթամպուլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Պիտի Ոգեկոչեն

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան նաեւ Սթամպուլի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս, թրքական «Ոչ ըսէ ռասիզմին եւ խտրականութեան» կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է շարք մը ձեռնարկներ:
Ապրիլ 22-ին «Ճեզայիր» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամուլի ասուլիս, ուր պիտի ներկայացուին ոգեկոչման արարողութիւնները եւ պիտի դատապարտուի հայերու դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած ոճրագործութիւնը:
Ապրիլ 24-ին Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ Թուրքիոյ ժամանակով 15:30-ին պիտի ոգեկոչուի թրքական բանակին մէջ ցեղական խտրականութեան եւ ատելութեան հողի վրայ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի յիշատակը:
Աւելի ուշ` 19:15-ին Սթամպուլի կեդրոնական` «Իսթիքլալ» պողոտային վրայ պիտի կայանայ ոգեկոչման գլխաւոր արարողութիւնը: