«Ո՛չ Անարդարութեան, Ո՛չ Անտարբերութեան, Ո՛չ Ժխտումին» Պատանեկան Միութիւններու Քայլարշաւներ` Զալքայի, Անթիլիասի Եւ Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, շաբաթ,16 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը` Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով «Ո՛չ անարդարութեան, ո՛չ անտարբերութեան, ո՛չ ժխտումին» կարգախօսով այս քայլարշաւէն ետք, մասնակիցները հասնելով մայրավանք, ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան մատրան դիմաց` ի յարգանս Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներուն: Ապա միութիւնը փոխանցեց իր խօսքը, որուն յաջորդեցին ասմունք ու երգ: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ի յաղթերգով:
Նոյն խորհուրդով, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը Այնճարի մէջ կատարեց քայլարշաւ մը, շաբաթ, 16 ապրիլի երեկոյեան:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: