Թէքէեանական 6-րդ Մրցոյթի Առաջին Մրցանակներուն Արժանացան Երկու Սուրիահայ Դպրոցական
Ապրիլ 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի ջանքերով Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի կուլտուրայի բաժանմուքնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Թէքէեանական 6-րդ մրցոյթի յաղթողներու մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:
«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը 2010 թուականէն կ’իրականացնէ «Թէքէեանական մրցոյթ» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս կ’իրականացուին մրցոյթներ «Մաթեմատիկա», «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն», «Անգլերէն լեզու» առարկաներէն: Ծրագիրի նպատակն է խթանել, խրախուսել հայոց եւ օտար լեզուներու, հայ գրականութեան, ինչպէս նաեւ այլ առարկաներու իմացութիւնը, հնարաւորութիւն տալով աշակերտներուն դրսեւորելու իրենց գիտելիքները առողջ մրցակցութեան պայմաններուն, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու տարբեր մարզերու մէջ բնակող հասակակիցներու հետ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, Կարբի գիւղի Թէքէեանի անուան դպրոցի տնօրէն Արսէն Օհանեան, Երեւանի «Ուսմունք» վարժարանի փոխտնօրէն Անահիտ Աւետիսեան եւ Կարէն Դէմիրճեանի անուան 139 դպրոցի մաթեմատիկայի ուսուցչուհի Անահիտ Գէորգեան:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժինի պետ Անահիտ Դաւթեան: Նախարարութեան անունէն ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանին, հիմնադրամի նախագահ լոնտոնաբնակ Վարդան Ուզունեանին եւ մրցոյթի կազմակերպիչներուն: Ա.Դաւթեան նշեց, որ այս տարի մրցոյթին առաջին անգամ մասնակցեցան Հայաստանի մէջ հաստատուած 9 սուրիահայ դպրոցականներ: «Ասիկա հիանալի հնարաւորութիւն էր` առաւել աշխուժացնելու շփումները տարեկիցներուն հետ եւ ա՛լ աւելի արագ ընդելուզուելու նոր միջավայրին: Կարճ ժամանակահատուածին անոնք իւրացուցին հայաստանեան ծրագիրները եւ մրցակցելով հասակակիցներուն հետ` յաղթանակներ արձանագրեցին», – աւելցուց Դաւթեան:
Մրցոյթին «Անգլերէն լեզու» առարկայի առաջին մրցանակը ստացան սուրիահայեր Միհրան Կուզիբիւքեան, «Մաթեմատիկա առարկայից` Նարոտ Քէյվանեան:
Բոլոր 65 մասնակիցներուն տրուեցան խրախուսական մրցանակներ: