Հալէպի Մէջ Խաղաղ Բնակչութիւնը Կրկին Թիրախ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/Հալեպ8-300x225.jpg)
Այսօր առաւօտեան վաղ ժամերէն սուրիական բանակը կը փորձէ իր հակակշռին տակ առնել ահաբեկչական խմբաւորումներու տեղակայուած այն շրջանները, ուրկէ նշեալ խմբաւորումները թիրախ կը դարձնեն քաղաքի բնակչութիւնը։
Փոխադարձելով ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել խաղաղ բնակչութիւնը։
Ժամեր առաջ հրթիռներ արձակուեցան Նոր Գիւղ եւ վիլլաներ հայաբնակ շրջաններուն վրայ։ Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ եւ վիրաւորներ։
Անցնող օրերուն ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ յատկապէս Շէյխ մագսուտ շրջանը։
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: