Հայկական Կողմի Զոհերու Ընդհանուր Թիւը 92 է. ՀՀ ՊՆ

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է մարտական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուածներուն մասին տեղեկանք:
Մարտական կորուստներ`
Ապրիլ 2-5 ինկած ժամանակահատուածին հակառակորդին հետ անմիջական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն ժամանակ զոհուած են 64 զինծառայողներ եւ 13 աշխարհազօրայիններ ու պահեստազօրայիններ`
սպաներ` 15,
պայմանագրային զինծառայողներ` 15,
ժամկէտային պարտադիր զինծառայողներ` 34,
աշխարհազօրայիններ` 11,
պահեստազօրայիններ` 2,
Ընդամէնը` 77 զոհ
Անյայտ կորսուած `
1 սպայ` հրամանատար Գաբոյեան Արգիշտի Արծուիի:
Ոչ մարտական կորուստներ
Ապրիլ 2-13 ինկած ժամանակահատուածին սահմանային լարուածութեան ուժգնացման պայմաններուն մէջ կորուստները կազմած են.
զինծառայողներ` 9,
աշխարհազօրայիններ` 2,
հակառակորդի յանցաւոր գործողութիւններու արդիւնքով զոհուած ԼՂՀ խաղաղ բնակիչներ` 4,
Ընդամէնը` 15 զոհուած/մահացած:
Ընդհանուրը` 92 զոհուած/մահացած: