Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Գործակարգավարական Խորհրդակցութիւն

Ապրիլ 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:

Նախարարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի դերը Ատրպէյճանի ռազմական նախայարձակումները դիմակայելու, խաղաղութիւն հաստատելու եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակին ու տուժած բնակչութեան աջակցելու գործին մէջ եւ յանձնարարեց աշխատիլ առաւել ազդու` դրսեւորելով հետեւողականութիւն եւ սերտօրէն համագործակցելով սփիւռքեան կառուցներուն ու գործիչներուն հետ:

 Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ կապուած Սփիւռքի կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն, համայնքներուն կողմէ իրականացուող ձեռնարկները, զեկուցեցին ցուցաբերած մարդասիրական օգնութեան եւ ֆինանսական աջակցութեան մասին:

Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս  կատարուած ընթացիկ աշխատանքները:

Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ եւ ատոնք ժամանակին, արդիւնաւէտ ու հետեւողականօրէն կատարելու ցուցում:

Scroll Up