Բողոքի Ցոյց` Նիւ Եորքի ՄԷջ ՄԱԿ-ի Կեդրոնակայանին Դիմաց. տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/Nyu-York.png)
Շաբաթ օրը` Ապրիլ 9-ին, Սփիւռքի 2 աւանդական կուսակցութիւններու Նիւեորքեան կառոյցներու կազմակերպմամբ` ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօրը»` յղում կատարելով «Ամերիկայի ձայն»-ին:
Հարեւանութեամբ գտնուող Թրքական կեդրոնին առջեւ ալ հաւաքուած էին երկու տասնեակի մօտ ատրպէյճանցիներ ու թուրքեր, որոնց կ’անհանգստացնէր հայկական յախուռն ցոյցը:
«Ղարաբաղը հայկական հող է», «Մենք արդարութիւն կ’ուզենք», «Մենք ազատութիւն կ’ուզենք». այս եւ այլ վանկարկումներով 2 ժամ շարունակ հայ ցուցարարները իրենց վրայ սեւեռած էին անցորդներու ուշադրութիւնը:
Մանրամասները` տեսանիւթին մէջ :