Հոգեհանգիստ՝ Արցախի Մէջ Նահատակուած Հայորդիներուն Համար
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Ապրիլ 5ին, երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ հոգեհանգիստ՝ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ նահատակուած զինուորներու եւ հայորդիներու հոգիներուն, եւ «Տէր Ողորմեա» երգուեցաւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար, մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներուն եւ երգչախումբին:
Արարողութեանց հանդիսապետեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
«Հայր Մեր»ը հրաշալի կերպով երգեց Հայաստանէն ժամանած «Արմէն Տիգրանեան» մանկանց երգչախումբը: Արարողութեան ընթացքին սոյն երգչախումբը երգեց նաեւ «Տէր Ողորմեա»ն եւ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» ողջոյնը:
Սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան հոգեւոր պատգամը եւ ողջունեց ներկայութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան արտակարգ դեսպանորդ Վալերի Մկրտումեանի, գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեանի, Ռուսաստանի հայոց միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանի:
Արարողութեան աւարտին, ա-ռաջնորդին հրաւէրով ներկաները միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը եւ եւ «Մեր Հայրենիք»ը:
Հաւատացեալները զօրացած հաւատքով, հայրենասիրական ջերմ զգացումներով եւ օգնութեան ձեռք երկարելու մտադրութեամբ մեկնեցան իրենց բնակարանները:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: