Փոլ Գրիգորեանը Կոչ Կ’ընէ Ուաշինկթընին Պատասխանատուութեան Ենթարկել Ատրպէյճանը
ԱՄՆ Լոս Անճելըսի խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ եւ կոչ ըրած ԱՄՆ-ի կառավարութեան, որպէսզի պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը` իրենց կատարած վերջին գործողութիւններուն համար:
«25 տարի առաջ Արցախի ժողովուրդը հերոսաբար անկախացաւ Ատրպէյճանէն: Անկախ բոլոր դժուարութիւններէն` Արցախի խիզախ մարդիկ պարտութեան մատնեցին Ատրպէյճանի մեծաթիւ բանակը»,-«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` ըսած է Փոլ Գրիգորեան: