Ամէնօրեայ Խորհրդակցութիւններ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
Ամէն օր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ, կ’իրականացուին աշխատանքային խորհրդակցութիւններ` վերջին օրերուն Արցախի եւ ղարբաղա-ատրպէյճանական սահմանին ծաւալուող դէպքերուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր ձեռնարկներուն շուրջ, որոնք կը կատարուին Սփիւռքի մէջ` ի զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն Հայաստանի եւ Արցախի:
Սփիւռքի նախարարութեան վարչութիւններու ղեկավարները նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին կը ներկայացնեն Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ կատարուող այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կոչուած են հանրութեան իրազեկելու Արցախի սահմաններէն ներս Ատրպէյճանի բռնարարքներուն մասին, դատապարտելու Ատրպէյճանի նախայարձակումը եւ կոչ ընելու իրենց բնակութեան երկիրներու ղեկավարներուն` սանձելու Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները:
Նախարարին կը ներկայացուին նաեւ հայկական, համահայկական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու յայտնի գործիչներու յայտարարութիւնները, դատապարտող կոչերը, հանդիպումները պետական պաշտօնեաներու, բնակութեան երկիրներու իշխանութիւններու եւ խորհրդարանի անդամներու հետ:
Կը ներկայացուի նաեւ Սփիւռքի զօրակցական այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք ուղղուած են Արցախին ու ողջ հայ ժողովուրդին: Իւրաքանչիւր օր ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հեռախօսազանգեր կը ստանայ Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն, որոնք իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանին ու Արցախին եւ կ’առաջարկեն` նիւթական, բարոյական, ֆիզիկական օգնութիւններ: