Արցախ Կամաւորներ Արձանագրուած են Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Ռուսիայէն

Ացախի Ազատամարտիկներու միութեան շէնքին դիմաց առաւօտէն կը շարունակուի կամաւորներու անդամագրումը: Ըստ Yerkir.am-ի՝ Ազատամարտիկներու միութեան նախագահը դիրքերու վրայ է, եւ կամաւորներու անդամագրման գործընթացը կը համակարգէ Միութեան աշխատակազմի ղեկավար, ազատամարտիկ Էդուարդ Խաչատրեանը:

Վերջինս պատմած է, որ, Ապրիլ 2-էն սկսեալ, իրենց կը դիմեն հազարաւոր կամաւորներ, որոնց մէջ նաեւ կանայք: Ըստ Խաչատրեանի՝ կամաւորներ դիմած են նաեւ արտասահմանէն` Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն:

Անդրադառնալով երէկ Մարտակերտի ճանապարհին հակառակորդի անօդաչու սարքին կողմէ պայթեցուած հանրակառքին մէջ գտնուող` Սիսիանի ջոկատի անդամներուն` Խաչատրեանը նշած է,- «Շատ բարձր տրամադրութիւն ունէին, գիւղապետեր էլ կային, բայց այստեղ` Արցախում բոլորը` նախարար, մարզպետ, գիւղապետ, թէ` բանուոր, հաւասար են: Մարտի դաշտ գնալուց առաջ բոլորն էլ գիտակցում են, որ կարող է նաեւ զոհեր լինեն»:

Ազատամարտիկը տեղեկացուցած է, որ Սիսիանի ջոկատը կ՝ուղեւորուէր հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքեր:

Scroll Up