Ռուսաստանէն Եւ ԱՄՆ-էն Հայ Բժիշկները Պատրաստ Են Ամէն Ձեւով Աջակցելու Ղարաբաղին

Ռուսաստանէն եւ ԱՄն-էն հայ բժիշկները պատրաստ են ամէն կերպ աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղին: Այդ մասին, ըստ News.am-ի` Ապրիլ 6-ին կառավարութեան նիստէն ետք  լրագրողներուն յայտնած է Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան:

«Սփիւռքից` Ռուսաստանից եւ ԱՄՆ-ից, մեր բժիշկները զանգեցին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մեզ օգնելու ինչպէս նիւթապէս, այնպէս էլ անձամբ ներկայ լինելու, եթէ անհրաժեշտ լինի», – յայտնած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները արդէն իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են ամէն տեսակ աջակցութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղին, ինչպէս բժշկական, այնպէս ալ` նիւթական:   Բացի այդ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու հէնց առաջին օրերէն բազմաթիւ դեղարտադրողներ եւ գործարարներ սկսած են աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ դեղերու պահեստներու լրացման:

Scroll Up