ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհակալական նամակը Սեդա Խտըշեանին

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ

ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆԻՆ

 Սիրելի՛ Սեդա,

Հայրենիք վերադարձայ հպարտութեան աննկարագրելի զգացումով եւ ապագային միտուած վառ տեսլականով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր հովանիի ներքոյ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Միջին Արեւելքի երկիրներու յանձնախումբերու երկօրեայ խորհրդաժողովը եկած էր ամփոփելու Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բոլոր նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ արժեւորելու համազգային ձեռքբերումներն ու նուաճումները:

Ուստի` երախտիքի խօսքս ու խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական մարմնին` խորհրդաժողովը իրականութիւն դարձնելու եւ մերձաւորարեւելեան երկիրներու բոլոր յանձնախումբերու իրականացուցած աշխատանքները լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:

Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ իրականացուած ձեռնարկները մէկ անգամ եւս փաստեցին, որ Հայու ներուժը անսահման է, ոգին անպարտելի, եւ կամքը անկոտրում, որ հայը գիտէ մոխիրներէն յառնիլ, վերածնիլ ու արարել:

Նախնեաց արեան կանչով ու միշտ յաղթանակած ծինի շնորհիւ  1915  թուականի սահմռկեցուցիչ Եղեռնէն ետք՝  1918 թուականին, իսկ 1988 թուականի Սումգայիթի ու Պաքուի ցեղասպանութենէն ետք՝ արդէն 1991 թուականին, Հայը կրկին պետութիւն ու պետականութիւն կերտեց` տէր կանգնելով իր ազատ ու անկախ ապրելու անօտարելի իրաւունքին եւ անոնք դարձան մեր հպարտութիւնը, մեր Հայրենիքի առաւել ոգեւորուած գործելու գրաւականը։ Ըստ արժանւոյն գնահատելով Ձեր տարած նուիրական աշխատանքները, իսկապէս զգացուած եմ Ձեր իրականացուցած համակողմանի ներդաշնակ աշխատանքով, շնորհակալաութիւնս կը յայտնեմ բոլորիդ մէկ առ մէկ։ Մեր գործակցութեան գագաթնակէտը դարձաւ այն խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած էր այդքան մտերմիկ ու նախանձախնդիր, անմոռաց տպաւորիչ էր մեր հանդիպումը։

ՀՀ քաղաքացի դառնալու առնչութեամբ, որ լաւագոյն օրինակն է Հայրենիքէն հեռու ապրող հայրենակիցը դարձեալ ընդմիշտ Հայաստանի հետ կապելու եւ հպարտ հայ պահելու համար, եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորեմ այդ անմոռաց պահը ՀՀ քաղաքացի դառնալու առիթով եւ կ’ընդգծեմ Ձեր դերակատարութիւնը նման լաւ աշխատանքի համար։

Յոյսով եմ, որ նոյն եռանդով կը շարունակէք Ձեր առաքելութիւնը եւ յանձնախումբը կը ծառայեցնէք Սփիւռքի նախարարութեան՝ Ցեղասպանութեան համար պայքարը շարունակելու, Սփիւռքի մէջ ՀՀ եւ ԼՂՀ 25 ամեակները նշելու գործին։

Ուժ եւ կորով կը մաղթեմ Ձեզի, Ձեր ազգանուէր գործը շարունակելու՝ նպաստելով  յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքի բեղուն գործունէութեան զարգացման եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթը շարունակելու գործին։

Յարգանքով`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Scroll Up