ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/27.jpg)
Յարգելի՛ պարոն Սարաֆեան,
Ընդունեցէք անկեղծ եւ սրտաբուխ շնորհաւորանքներս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու առիթով:
Դուք Լիբանանի եւ Ամերիկայի մէջ Ձեր ողջ կեանքի ընթացքին եղած էք ՀՄՄ-ի գործունեայ անդամ եւ նուիրուած էք Հնչակեան կուսակցութեան, որ անցնող 129 տարիներու ընթացքին գործած է յանուն հայապահպանութեան եւ հայկական պետութեան ամրապնդման, ի օգուտ հայ ժողովուրդի բարօրութեան, հայրենադարձութեան ու ազգային վերամիաւորման։
Յարգարժա´ն պարոն Սարաֆեան,
Վստահ եմ, ինչպէս նախորդ ղեկավարները, այնպէս ալ Դուք, հաւատարիմ կը մնաք կառոյցի որդեգրած աննահանջ եւ աներկբայ սկզբունքներուն՝ նոր լիցք եւ աւիւն հաղորդելով մեծ աւանդ ունեցող կառոյցի գործունէութեան:
Դարձեալ կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ մաղթելով արդիւնաշատ աշխատանք, նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ` ի փառս Հայրենիք-Սփիւռք-Արցախ անքակտելի եռամիասնութեան:
Յարգանքով`
Հրանոյշ Յակոբեան