Ոչ Միայն Քաղաքական, Այլ Նաեւ` Ոգեշնչող. Ամերիկահայերու Արձագանքը` ՀՀ Նախագահի Այցին

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է հայաշատ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ:

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` Ամերիկայի հայկական համագումարի նախկին նախագահ Էնթոնի Պարսամեան կարեւոր կը համարէ Հայաստանի նախագահի կողմէ հայաշատ Մասաչուսէթս կատարած այցը` այն համարելով հայ համայնքի եւ Հայաստանի հետ կապերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Մասաչուսէթս նահանգի միջեւ տնտեսական, կրթական եւ արուեստաբանական բնագաւառին մէջ աւելի խորը համագործակցութեան գրաւական:

Ի դէպ, կ’ըսէ ան, Մասաչուսէթսի նահանգապետի եւ Հայաստանի նախագահի հանդիպման ընթացքին  քննարկուած են արուեստաբանական բնագաւառին մէջ համագործակցելու հետ կապուած հարցեր, եւ Հայաստան մեծ հետաքրքրուածութիւն կը ցուցաբերէ հէնց այս բնագաւառին մէջ:

Մասաչուսէթսի Միտլսեքս մարզի ոստիկանապետ, շէրիֆ Փիթեր Քութուճեան Հայաստանի գործող նախագահի այցը Մասաչուսէթս կը համարէ պատմական, որ անոր խօսքերով, կը կապէ տեղի հայերը Հայաստանի հետ: «Ասիկա ոչ միայն քաղաքական քայլ էր, այլ նաեւ` ոգեշնչող: Ասիկա  քայլ մըն էր, որ աւելի կը համախմբէ տեղի հայութիւնը` հնարաւորինս աւելի շատ  աջակցելու Հայաստանին եւ Արցախին»,-ըստ  «Հայերն այսօրի»` «Ամերիկայի ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ազգութեամբ հայ շէրիֆը:

01 2 3

Scroll Up