Սուրիոյ Պատերազմին Պատճառով Կանգ Առած Հայկական Միութիւններու Շնորհաւորական Քարտերը Կրկին Բաշխուեցան

Մշակութային, երիտասարդական, պատանեկան ու մարզական միութիւնները Տարուան ընթացքին երկու անգամ, Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներու առիթներով, շնորհաւորական գեղեցիկ քարտեր կը հրապարակէին ու զանոնք կը ցրուէին հայ ընտանիքներու բնակարաններըն անխտիր:
Այս քարտերու բաշխումը սովորական աւանդութիւն դարձած էր հալէպահայութեան համար, յատկապէս իր հայաշունչ դրոշմով: Քարտերը անհրաժեշտ էր նկարազարդուած ըլլար, շնորհաւորական խօսքեր գրուէր տուեալ միութեան անունով եւ ինչպէս նաեւ խօսք եւ պատգամներ յղել հանրութեան:
Վերոնշեալ քարտերը ընդհանրապէս կը պատրաստուէին Հալէպի մէջ եւ ամէն մէկ միութիւն իր մասնաճիւղերուն կ՛ուղղարկէր Սուրիոյ տարածքին: Անշուշտ վերջինները ամէն մէկը իր կարգին ունէր բաշխումի յատուկ եղանակ: Իսկ Հալէպի համար Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան օրերու անբաժան մասն էր քարտը իր իւրայատուկ բաշխումի եղանակով նոյնիսկ:
Միութիւններու կողմէ հրաւիրուած պարման-պարմանուհիներ, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ խումբ առ խումբ կը շրջագայէին Հալէպի հայահոծ թաղամասերը եւ հայկական բնակարաններու դռները կը զանգէին: Տանտիրոջ կողմէ դուռը բացուելէ եւ շնորհաւորական խօսքերէ ետք՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» կամ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», համեստ գումար մը կը յանձնուէր տուեալ միութեան պարման-պարմանուհիներուն փոխան ստացագրի:
Այս աւանդական բարի սովորութիւնը Սուրիոյ պատերազմի պատճառով դժբախտաբար կանգ առած էր, սակայն այս տարի կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, ՀՄԸՄ-ի եւ Սուրիահայ Պատանեկան Միութեան, վերականգնեցաւ քարտաբաշխումը, բայց ոչ աւանդական մեր հասկացողութեամբ, այլ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն, մուտքին՝ Պատանեկան միութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր քոյր եւ եղբայրներու միջոցաւ:
Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS.