Սուրիոյ խորհրդարանի 2016-ի ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները ընթացք առին. Հայեր եւս թեկնածու են

Սուրիական Խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ նստաշրջանի փուլի համար ներկայացուող թեկնածութեան դիմումները ստանալու յանձնաժողովները իրենց աշխատաքները աւարտեցին երեկ բոլոր նահանգներու մէջ: Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններու դատական բարձր յանձնաժողովը յատարարեց, որ մինչեւ երեքշաբթի, 1 մարտ 2016 թեկնածուներուն թիւը կը հաշուէ 8681, որոնք տարածուած են նահանգներու վրայ: Երեսփոխանական ընետրութիւններու թեկնածութեան պաշտօնական դիմումները կաւարտի չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին: Այս մասին կը յայտնէ Perio News.
Նշենք, թէ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէ հայեր եւս ընտրութիւններու թեկնածու են:

Scroll Up