Նախագահը Պարգեւներ Յանձնած Է ԱՄՆ Արեւելեան Ափի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 30-ին ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ այցելած է հայկական Սուրբ Յակոբ եկեղեցի:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Հայերն այսօր»-ին ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, Հանրապետութեան Նախագահը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տէր Խաժակ արք. Պարսամեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տէր Օշական արք. Չօլոյեանի, «Հայաստան ծառ» ծրագիրի հիմնադիր Քերոլին Մուկարի ու տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ծաղկեպսակ  զետեղած է եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

Աւելի ուշ կայացած է ՀՀ Նախագահի հանդիպումը ԱՄՆ Արեւելեան ափի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ժամանակ Սերժ Սարգսեան հանդէս  եկած է ելոյթով: Հանդիպման աւարտին Հանրապետութեան Նախագահը համայնքային  շարք մը գործիչներու պարգեւատրած է պետական բարձր պարգեւով, խրախուսած շնորհակալագիրներով:

Մասնաւորապէս` ՀՀ անկախութեան տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար բժիշկ, Պոսթընի համալսարանի նախագահ Արամ Չօբանեանը պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացի մետալով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման եւ իրականացման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար ձեռնարկները համակարգող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պոսթընի տարածաշրջանային յանձնախումբի անդամներ `Էնթոնի Պարսամեանը, Ճէյմս Գալուստեանը եւ Արա Նազարեանը պարգեւատրուած են ՀՀ Նախագահի շնորհակալագիրով:

116751_b16742_b16743_b16744_b16745_b

 

Scroll Up