Առեւանգուած Օդանաւին ՄԷջ ՀՀ Քաղաքացիներ Կամ Ազգութեամբ Հայ Անձիք Չկան

Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախնական տուեալներով Ալեքսանտրիայէն Գահիրէ թռիչք իրականացնող EgyptAir ընկերութեան առեւանգուած օդանաւին մէջ ՀՀ քաղաքացիներ կամ ազգութեամբ հայ անձիք չկան:
Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, կ’ըսուի Գահիրէի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
Դեսպանութիւնը կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման: Նոր տեղեկութիւններու առկայութեան պարագային կը հաղորդուի լրացուցիչ: