ՀՀ Նախագահի Եւ Նախարարներու Այցը Կամուրջ Կը Ստեղծէ Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Միջեւ. Յարութ Սասունեան

Մարտ 28-ին մեկնարկած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Աշխատանքային այցի առաջին օրը Հանրապետութեան Նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մասաչուսէթս նահանգին մէջ այցելած է հայաշատ Ուոթերթաուն քաղաք, ուր հայերը անցեալ երկու դարերուն ընթացքին հիմնած են ազգային լուրջ կառոյցներ: Ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօրը», պատուիրակութիւնը այցելած է Ամերիկայի հայկական գրադարան-թանգարանը, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Պայքար» եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Հայրենիք» կեդրոնները, Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիները:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ ՀՀ Նախագահը որոշած է այցելել մեր եկեղեցիները, ազգային կառոյցները: Մենք ունինք նաեւ 3 դպրոցներ, որոնց համար շատ հպարտ ենք. շաբաթօրեայ հայկական դպրոցը, որ շատ հին է, կիրակնօրեայ վարժարանը, որ կրօնական վարժարան է, եւ ազգային վարժարանը, որ ամէնօրեայ դպրոց է: Այս դպրոցներուն հանդէպ մեր ուշադրութիւնը չափազանց մեծ է»,- ՀՀ Նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան այցին ընթացքին նշած է Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Անդրանիկ աւագ քահանայ Պալչեան:
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեանի կարծիքով` Նախագահի եւ նախարարներու այցը կամուրջ կը ստեղծէ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ: «Հայաստանը եւ Սփիւռքը մէկ են, մէկ ժողովուրդ ենք: Սփիւռքահայերը կը պատկանին Հայաստանին այնքան, որքան որ Հայաստանի մէջ ծնած հայն է Հայրենիքինը»,-նշած է Յարութ Սասունեան:
Յիշեցնենք, որ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 28-էն աշխատանքային այցով կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կը մասնակցի Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք Միջուկային անվտանգութեան գագաթնաժողովին: