Գրիգոր Զոհրապի «Զաբուղոն» Նորավէպի Քննարկում` Ակնալճի Դպրոցին Մէջ

Արեւմտահայ գրականութիւնը հայ գրականութեան լուսաւոր էջերէն է, որ քիչ  յայտնի է երիտասարդութեան շրջանին մէջ: Գրողներէն շատերը ոչ միայն իրենց գրական գործերով, այլեւ ապրած կեանքով ուղեցոյց կը համարուին սերունդներուն համար: Արժէքաւոր են արեւմտահայ գրողներու գործերը, որոնք ներթափանցուած են խոր մտահոգութեամբ` հայ ժողովուրդի վիճակով: Իսկ Զոհրապ-գրողը նոր լիցք ու շունչ հաղորդեց արեւմտահայ գրական շարժման: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ դպրոցի Հայոց լեզուի մ/մ ուսուցչուհի  Դ. Կիրակոսեան:

Մարտ 18-ին Ակնալճի միջնակարգ դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ Զոհրապի «Զաբուղոն» նորավէպի քննարկում: Քննարկումը կազմակերպած էին X դասարանի աշակերտները հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Դ. Կիրակոսեանի հետ միասին: Կը մասնակցէին XI դասարանի աշակերտները, ուսուցիչները:

X դասարանի աշակերտները հակիրճ ներկայացուցին Զոհրապի կեանքն ու ստեղծագործութեան ընդհանուր բնութագիրը, որմէ յետոյ կանգ առին «Զաբուղոն» նորավէպի վրայ, որ ընթերցողի յիշողութեան մէջ կը մնայ իր եզակիութեամբ եւ տեղի տալով մտորումներու այլազանութեան: Ներկայացնելով բովանդակութիւնը` աշակերտները կանգ առին հենքային հարցի վրայ` ո՛վ է Զաբուղոն, ո՛վ է անոր սիրած աղջիկը, ինչու՛ անոնք մինչեւ վերջ իրար չհասկցան, ո՛վ է մեղաւորը, ո՛վ է արդարը, ի՛նչ բարոյական դաս տուաւ նորավէպը:

Քննարկումը այնքան բուռն ու հետաքրքիր էր, որ գրաւած էր ողջ լսարանը, եւ երկար կը շարունակուէր, եթէ զանգը չազդարարէր դասի աւարտը:

Ներկաները ոգեւորուած էին եւ բաւարարուած:

Աւելցնենք, որ դաս-քննարկումը կատարուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս:

Ակնալիճ2Ակնալիճ3Ակնալիճ1

 

Scroll Up