ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Ուաշինկթըն

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր Մարտ 25-ին կը հանդիպի Դաշնակցութեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

Յաջորդ օրը, Մարտ 26-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ նախարարը պիտի հանդիպի Ամերիկայի հայկական համագումարի անդամներ Պրայեան Արտունիի, Դանիէլ Քուշանճեանի եւ այլոց հետ:

Նոյն օրը տեղի կ’ունենայ հանդիպում ՀՅԴ եւ կից կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կ’այցելէ Սբ. Խաչ եկեղեցի, կը հանդիպի առաջնորդին հետ:

Մարտ 27-ին նախարարը կ’այցելէ Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի, կը մասնակցի Սբ. Զատիկի պատարագին, կը հանդիպի հայ համայնքին հետ:

Scroll Up