Պայթումներ Պրիւքսէլի Օդակայանին Եւ Մեթրոյին Մէջ. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Պրիւքսէլի օդակայանին մէջ երկու պայթում տեղի ունեցած է: Որոտացած պայթիւններէն 13 մարդ զոհուած է, աւելի քան 20-ը վիրաւոր են: Այս մասին կը յայտնէ i24news-ի թուիթերեան էջը: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ պայթիւնները հնչած են թռիչքի սրահին մէջ` ուղեւորներու հաշուառման սպասասեղանի մօտ:
Կասկածներ կան, որ կատարուածը ահաբեկչութիւն է, կը յայտնեն լրատուամիջոցները:
Երկու պայթումէն ետք դադրած են երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Պրիւքսէլի օդակայանին հետ, բոլոր չուերթները չեղարկուած են, օդակայանը փակ է:
Աւելի ուշ պելճիքական VTM լրատուամիջոցի հաղորդմամբ` Պրիւքսէլի մեթրոյի Մալպեք կայարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհուած է մօտ 10 մարդ: Կայարանը կը գտնուի Եւրոմիութեան շէնքերէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Որոշ լրատուամիջոցներ կը յայտնեն Պրիւքսէլի մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած չորրորդ պայթումին մասին: Աւելի առաջ հաղորդուած է Պրիւքսէլի մեթրոյին մէջ երեք պայթումներու մասին` Մալպեք, Շուման եւ Արթ-լուայ կայարաններուն մէջ:
The Guardian-ի հաղորդմամբ` ահաբեկչական յարձակումներէն ետք Եւրոպական յանձնաժողովը փակած է իր անձնակազմը շէնքին մէջ: Անձնակազմի հարցերով պատասխանատու ԵՄ փոխնախագահ Քրիստալինա Գէորգիեւան հրահանգած է անձնակազմին մնալ շէնքին մէջ:
Քաղաքին մէջ ամբողջութեամբ դադրած են գնացքներու, հանրակառքերու ու մեթրոյի երթեւեկութիւնը: Տարանցիկ գնացքները կ՛երթեւեկեն առանց քաղաքին մէջ կանգ առնելու:
Պրիւսէլի բնակիչներէն խնդրած են խուսափիլ հեռախօսազանգեր կատարելէն:
«Պրիւքսելի բջիջային ցանցերը գերծանրաբեռնուած են: Կը խնդրենք, կապ պահպանել մասընճերներու միջոցով` Facebook, WhatsApp, Twitter: Խուսափեցէ՛ք զանգերէն»,- Twitter-ի մէջ գրած է Պելճիքայի վարչապետի տեղակալ Ալեքսանտր Տէ Քրուն:
Belga գործակալութիւնը յայտնած է նաեւ, որ տարհանուած են Պելճիքայի խորհրդարանի շէնքին մէջ գտնուող բոլոր մարդիկ: