Ծաղկազարդը Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 20 մարտ 2016-ին Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներու մէջ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Քրիստոսի յաղթական Երուսաղէմ մուտքի՝ Ծաղկազարդի տօնը: Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հայրերու ընկերակցութեամբ մատուցեց հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւնը ու ներկայ հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ հոգեւորական դասուն, թափօր կազմած ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը Ս. Խաչքարին մօտ:
Բակին մէջ տեղի ունեցաւ Անդաստանի հոգեպարար արարողութիւնը, որու ընթացքին Յիսուս Քրիստոսէ խնդրուեցաւ լիակատար խաղաղութիւն մեր երկրի Սուրիոյ: Մինչ եկեղեցւոյ հանդիպակաց փողոցը Անդաստանի արարողութենէն ետք՝ ՀՄՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց ազգային եւ հայրենասիրական նուագներ, ուրախութիւն եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելով:

 Այս մասին կը յայտնէ Perio News:

Scroll Up