Նունսպեթի Արուեստի Ակադեմիոյ Հայ Դասախօսը Արժանացած Է Փրոֆէսորի Կոչման
Սերոբ Դարբինեան ծնած, մեծցած է Երեւանի մէջ: Ուսանած եւ աւարտած է Երեւանի գեղարուեստի պետական ինստիտուտը (ներկայիս’ Երեւանի գեղարուեստի ակադեմիա), 1996 թուականին ընտանիքով տեղափոխուած է Հոլանտա:
Անոր ստեղծած նկարչական աշխատանքները, որ յաճախ նորամուծութիւններու արդիւնք են, շատ արագ ճանաչում ստացան արուեստներու երկիր Հոլանտայի մէջ: Մասնագէտները բարձր կը գնահատեն նկարչութեան տարբեր ճիւղերու մէջ անոր ձեռք բերած արդիւնքները: Սերոբի նկարչական աշխատանքներու արտացոլումը տեղ գտած է հոլանտական մամուլին մէջ: Նկարիչը միշտ պատեհ առիթներով կը շեշտադրէ իր ազգային պատկանելիութիւնը` լայն տեղ տալով հայու ազգային նկարագրին ու կերտուածքին: Ան այժմ ստեղծագործելուն հետ մէկտեղ կը դասաւանդէ Nunspeet-ի արուեստի ազատ ակադեմիոյ մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով «Նիտերլանտական օրագրին»:
«Հոլանտայի մէջ 17 տարի առաջ ստացայ դասախօսի կոչում, իսկ հիմա շնորհուեցաւ փրոֆէսորի կոչում»,-իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Սերոբ Դարբինեան: