Կիպրոսի Հայ Համայնքը Երկու Երկիրները Շաղկապող Շատ Կարեւոր Օղակ է. Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցով մեկնած է Կիպրոսի Հանրապետութիւն: ՀՀ նախագահի մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ Կիպրոսի նախագահի նստավայրին մէջ բարձրաստիճան հիւրի դիմաւորման արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է նախագահներ Նիքոս Անասթասիատիսի եւ Սերժ Սարգսեանի առանձնազրոյցը, որուն աւարտին մեկնարկած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները: Անոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուած են շարք մը ոլորտներու մէջ հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր, մասնաւորապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ 2016-2018թթ. համագործակցութեան մասին ծրագիրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ 2016-2020թթ. համագործակցութեան մասին գործնական ծրագիրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ երկու երկիրներու համալսարաններուն մէջ ուսումը սկսելու եւ շարունակելու նպատակով բարձրագոյն ուսումնական որակաւորումներու փոխադարձ ճանաչման մասին համաձայնագիրը:
Հայաստանի եւ Կիպրոսի նախագահները հանդիպման արդիւնքները ամփոփած են զանգուածային լրատուամիջոցներու առջեւ համատեղ յայտարարութիւններով:
Կիպրոսի նախագահը ողջունած է ՀՀ նախագահն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ վստահութիւն յայտնած, որ այցին իբրեւ արդիւնք աւելի պիտի ամրապնդուին ու խորանան հայ-կիպրական բարեկամական յարաբերութիւնները: «Այսօրուան բանակցութիւններուն ընթացքին մենք հնարաւորութիւն ունեցանք քննարկել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր եւ վերահաստատեցինք երկկողմ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի եւ Հայաստանի գերազանց համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ: Մենք յանձնառութիւն ստանձնած ենք` ա՛լ աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու մեր համագործակցութիւնը բոլոր հնարաւոր ոլորտներուն մէջ: Այդ փոխադարձ յանձնառութեան վկայութիւնն են այն երեք պայմանագիրները, որոնք ստորագրուեցան կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Երկու երկիրներու միջեւ մինչ այժմ ստորագրուած են տասնհինգ պայմանագիրներ, որոնք ցոյց կու տան Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ սերտ կապերը: Անշուշտ պէտք է նշեմ, որ մեր եղբայրական յարաբերութիւններու վկայութիւնն է նաեւ Կիպրոսի մէջ հայկական համայնքին աշխոյժ ներկայութիւնը, որ ներդաշնակ կերպով ընդելուզուած է Կիպրոսի մշակոյթին, միեւնոյն ժամանակ` հպարտութեամբ պահպանելով իր մշակոյթը, լեզուն եւ կրօնական ինքնութիւնը: Մեր հայ հայրենակիցները երկու երկիրները շաղկապող շատ կարեւոր օղակ են, եւ անոնք կը յաջողին Հայաստանը մշտապէս պահել կիպրացիներուս սրտին մէջ: Այսօր՝ հաշուի առնելով մեր պատմական, մշակութային եւ կրօնական կապերը` կը վերահաստատենք պատրաստակամութիւնը շարունակելու եւ աշխոյժացնելու համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմ, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ` մշտապէս հաշուի առնելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն փոխադարձ յարգանքը: Ըսածներուս ապացոյցը միաձայն որոշումն էր, որ 2015 Ապրիլ 2-ին ընդունեց Կիպրոսի խորհրդարանը` քրէականացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Մենք Եւրոպական միութեան անդամ առաջին երկիրն էինք, որ 1982-ին Ճանչցանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մեր հնարաւորութեան ծիրէն ներս եւ Սփիւռքի աշխարհով մէկ սփռուած կառոյցներու միջոցով մենք կը միաւորենք մեր ձայնը եւ դէմ ենք բոլոր անոնց, որոնք չեն ուզեր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Բանակցութիւններու ժամանակ մենք հնարաւորութիւն ունեցանք մէկս միւսին տեղեկացնելու թէ՛ կիպրական հարցի, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: Տեղեկացնեմ այն ջանքերուն մասին, որոնցմով կը փորձենք լուծում գտնել վերամիաւորելու Կիպրոսն ու ձերբազատուիլ բռնագրաւողներէն` երկգօտի, երկհամայնքային դաշնութեան շրջանակներուն մէջ: Մենք մշտապէս կը ջանանք, որպէսզի լուծումը հիմնուած ըլլայ եւրոպական արժէքներու, սկզբունքներու վրայ` ամբողջովին պահպանելով մարդու իրաւունքները կղզիի ամբողջ բնակչութեան` թէ՛ յոյն, թէ՛ թուրք կիպրոսցիներուն համար: Եւ այն ինչին մենք կը ձգտինք հասնիլ, այնպիսի լուծում չէ, որ պէտք է ունենայ յաղթողներ ու պարտուողներ: Ատիկա լուծում մըն է, որ ունի հեռանկար այս կղզիի բոլոր քաղաքացիներուն համար:
Այս հանդիպումով հնարաւորութիւն ունիմ նաեւ տեղեկանալու իմ լաւ բարեկամէն եւ ընկերոջմէն ` Սերժէն, այն զարգացումներուն մասին, որոնք կան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացին շուրջ: Ես վերահաստատեցի մեր աջակցութիւնը հիմնահարցի լուծման վերաբերեալ` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ խաղաղ ճանապարհով, երկխօսութեամբ եւ զերծ ուժի կիրառումէն: Կիպրոսը կ՝ողջունէ այն ջանքերը, որ կը ներդնէ Հայաստանը, որպէսզի խաղաղ ճանապարհով կարգաւորուի այդ հարցը:
Իմ ընկերոջ` ՀՀ նախագահի հետ մենք նաեւ քննարկեցինք Եւրոպական միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, եւ ես կրկնեցի, որ Կիպրոսը կայուն կերպով կը սատարէ բոլոր հնարաւոր ոլորտներու մէջ աւելի խորացնելու փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ: Կիպրոսը կը սատարէ Հայաստանին Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ, որովհետեւ ձեր երկիրը, պարոն նախագահ, շատ կարեւոր եւ գնահատելի գործընկեր է եւ բանակցող: Միեւնոյն ժամանակ, ամբողջութեամբ կը յարգենք ձեր կողմէն իրականացուող արտաքին քաղաքականութիւնը, ձեր որոշումները եւ ձեր անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին:
Աւարտելով խօսքս` կ՝ուզեմ մէկ անգամ եւս ողջունել ձեզ եւ վստահեցնել, որ այսուհետեւ ալ աւելի պիտի խորանան եւ ամրպանդուին մեր եղբայրական յարաբերութիւնները»,- ՀՀ նախագահի հետ բանակցութիւններէն յետոյ ԶԼՄ-ներուն առջեւ յայտարարած է Կիպրոսի Նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսը: